MAP

Գիրքի ներկայացում Գիրքի ներկայացում 

Ներկայացուեցաւ Արհ Գէորգ Եպիս Աստատուրեանի «Կեանք՝ի հեճուկս մահուան» վերտառութեամբ նոր հատորը

«Կեանք՝ ի հեճուկս մահուան» նոր հատորը կը խօսի առաջնորդ՝ Արհիապատիւ Տէր Գէորգ եպս. Ասատուրեանի հոգեւորական կեանքի հանգրուաններուն, կենսագրական գիծերու, եկեղեցական ասպարէզի, հովուական եւ առաքելական ծառայութեան մանրամասնութիւններուն մասին՝ թէ Լիբանանի, թէ Ֆրանսայի եւ թէ Դամասկոսի մէջ։

Վատիկան Նիւզ - Հայկական բաժին

Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի 16 փետրուարին, Թագուհի Տիեզերաց եկեղեցւոյ յարկին տակ, կատարուեցաւ Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեանի «Կեանք՝ի հեճուկս մահուան» վերնագիրով գիրքին շնորհանդէսն ու գինեձօնը, ներկայութեամբ կղերական դասի անդամներուն եւ բազմաթիւ հաւատացեալներուն։

«Կեանք՝ի հեճուկս մահուան» նոր հատորը կը խօսի առաջնորդ՝ Արհիապատիւ Տէր Գէորգ եպս. Ասատուրեանի հոգեւորական կեանքի հանգրուաններուն, կենսագրական գիծերու, եկեղեցական ասպարէզի, հովուական եւ առաքելական ծառայութեան մանրամասնութիւններուն մասին՝ թէ Լիբանանի, թէ Ֆրանսայի եւ թէ Դամասկոսի մէջ։

Գիրքի ներկայացում
Գիրքի ներկայացում

Հայր Գէորգ եպիս Ասատուրեանի նոր հատորը խմբագրած է Հալէպի ծնունդ յայտնի մտաւորական ու պատմաբան դոկտ. Ժոզէֆ Էլիաս Քահհալէն, որուն նախաբանին մէջ կը գրէ թէ «Գիրքը ծնունդ առած է այն զանազան հանդիպումներէն, որ ունեցած է Գերապայծառ Տիրոջ հետ, որոնց ընթացքին կատարուած խօսակցութիւնները արձանագրած ու փոխադրած է հատորի էջերուն, որպէս վկայութիւն հոգեւորականի մը կեանքին, որ պայքարեցաւ մահուան դէմ ու ազատեցաւ Լուրտի Ս. Աստուածամօր հրաշագործութեան շնորհիւ»:

Գիրքի ներկայացումին ելոյթ ունեցան գերյ. Գէորգ Ծ. վրդ Պահէ` երիտասարդներու եւ դպրոցի պատասխանատու, ինչպէս նաեւ Պարոն Շանթ Քէշիշեանը։

Իր խօսքին մէջ Պարոն Շանթ տեղեկացուց ի միջի այլոց` որ «190 էջերէ բաղկացած հատորը, զոր լոյս տեսած է Պէյրութի Նաաման հրատարակչատունէն եւ որու ներածականը գրած է լիբանանցի լրագրողուհի Նուհատ Թոփալեանը, մեզ կուղղորդէ ճանչնալու կեանքն ու գործը Ասատուրեան եպիսկոպոսին,իր ծննդավայր Քամիշլիէն, մինչեւ Զմմառու վանք, Հռոմ, Պէյրութ, Փարիզ ու Դամասկոս: Հովիւի առօրեայ մը` որ իր կեանքը կը նուիրաբերէ իր հօտին համար»:

Գիրքի ներկայացում
Գիրքի ներկայացում

Շանթ Քէշիշեան իր ելոյթին մէջ աւելցուց նաեւ «գիրքի էջերուն մէջ պիտի հանդիպիք Տ.Գէորգ եպս.Ասատուրեանի անշեղ հաւատքին,անկոտրում կամքին ու անսահման սիրոյն հանդէպ բոլորին: Եւ ահա Գիրքին առանցքային ու ամենահուզիչ  գլուխն է, ուր Տ. Գէորգ եպս. կը պատմէ իր մօտ գլխուղեղի  քաղցկեղի յայտնաբերման մասին,այն տառապանքներուն որ ունեցած է,սակայն միշտ ընդունելով Աստուծոյ կամքը: Թախանձագին աղօթքները Գերապայծառ Տիրոջ ու իր սիրելիներուն սակայն անպատասխան չեն մնար ու Լուրտի հրաշագործ Ս. Աստուածամօր բարեխօսութիւնը կ՝առաջնորդէ զինք ու կը պարգեւէ բուժումը ձեռամբ հաւատացեալ ու կարող բժիշկներու, որպէսզի ինք շարունակէ ծառայութիւնը Քրիստոսի եկեղեցւոյ ու օգնութեան հասնի ինչպէս միշտ կարիքաւորներուն ու հիւանդներուն»:

Յայտնենք, թէ գիրքի ներկայացումին աւարտին տեղի ունեցաւ գինեձօն եւ Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեան մակագրեց իր գիրքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/02/2025, 11:00