MAP

2025.02.25 Madonna di Bzommar

Աղօթք Քահանայապետին առողջութեան համար Զմմառու մայրավանքին մէջ

Առաւօտուն, Զմմառու վանքի մայր տաճարին մէջ սուրբ և անմահ Պատարագ տեղի ունեցաւ, որուն ընթացքին՝ միաբան Հայրերը առ Աստուած յատուկ աղօթք մը բարձրացուցին Սրբազան Պապին առողջութեան համար: Նոյն օրը, երեկոյեան ժամը 10-ին, Մայրավանքի հասարակութիւնը սուրբ Վարդարանի աղօթքով՝ միացաւ Պապին համար կատարուած աղօթքին, Հռոմի Ս. Պետրոս Հրապարակին վրայ:

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

24 Փետրուար 2025-ին, Զմմառու Պատրիրաքկան Կղերի Միաբանութիւնը, գլխաւորութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերեջանիկ Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքին, Միաբանական իր Ընդհանուր Ժողովը գումարեց Զմմառու Տիրամօր վանքին մէջ, Պատրիարքական Փոխանորդի և Վարչական Խորհուրդի ընտրութեան համար:

Առաւօտուն, Զմմառու վանքի մայր տաճարին մէջ սուրբ և անմահ Պատարագ տեղի ունեցաւ, որուն ընթացքին՝ միաբան Հայրերը առ Աստուած յատուկ աղօթք մը բարձրացուցին Սրբազան Պապին առողջութեան համար, յիշելով Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերը Հայաստան իր այցելութեան առթիւ. «Տէրը ինծի առիթ տուաւ այցելելու Հայաստանը, առաջին  երկիրը որ քրիստոնէութիւնը ընկալեց չորրորդ դարուն սկիզբը: Հայ Ժողովուրդը իր պատմութեան երկար տարիներուն, մարտիրոսութեամբ վկայեց իր քրիստոնեայ հաւատքը։ Գոհութիւն կը մատուցեմ Աստուծոյ այս ճամբորդութեան համար որպէս խաղաղութեան ու եղբայրութեան ուխտաւոր»։ Նոյն օրը, երեկոյեան ժամը 10-ին, Մայրավանքի հասարակութիւնը սուրբ Վարդարանի աղօթքով՝ միացաւ Պապին համար կատարուած աղօթքին, Հռոմի Ս. Պետրոս Հրապարակին վրայ:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/02/2025, 08:54