MAP

2025.02.06 Incontro Patriarca Minassian Cardinal Gugerotti

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը Հռոմի մէջ հանդիպեցաւ Կարդինալ Կուճերոթիին հետ

Հանդիպումին ընթացքին, քննարկուեցան Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիին ներկայ իրավիճակն ու զարգացումները, ինչպէս նաեւ այս օրերուն Եկեղեցիին դիմագրաւած մարտահրաւէրներն ու կարելիութիւնները: Անոնք համաձայնեցան յետագային ունենալ շարք մը հանդիպումներ՝ համատեղ համագործակցութեան խորացումին նպատակով։
Ունկնդրէ այս եւ օրուան այլ լուրերը

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիին եւ Ս. Աթոռին միջեւ շարունակական հաղորդակցութեան շրջածիրէն ներս, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռափայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը, Գերյ. Հ. Նարեկ Ծ.Վ. Մնոյեանի ընկերակցութեամբ, Ուրբաթ, 31 Յունուար 2025-ին, հանդիպում ունեցաւ Արեւելեան Եկեղեցիներուն Վերատեսչութեան Գահերէցին՝ Ն.Վ. Քլաուտիօ Կարդ. Կուճերոթթի Ծիրանաւորին հետ, Հռոմ:

Հանդիպումին ընթացքին, քննարկուեցան Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիին ներկայ իրավիճակն ու զարգացումները, ինչպէս նաեւ այս օրերուն Եկեղեցիին դիմագրաւած մարտահրաւէրներն ու կարելիութիւնները: Անոնք համաձայնեցան յետագային ունենալ շարք մը հանդիպումներ՝ համատեղ համագործակցութեան խորացումին նպատակով։

Հանդիպումին՝ Ամենպտ. Հոգեւոր Տէրը շնորհաւորեց Ն.Վ. Կարդինալը, վերջերս Սուրիա անոր կատարած այցելութեան գծով՝ բարձր գնահատելով դրական արդիւնքները քրիստոնեայ համայնքներուն աջակցութեան եւ տարածաշրջանի Եկեղեցիին ներկայութեան ամրապնդումին առումով։

Նաև անդրադարձ եղաւ Լիբանանի մէջ տիրող կացութեան, որուն գծով՝ Ն.Վ. Ծիրանաւորը կարեւորեց նոր կառավարութեան կազմութիւնը, որպէսզի շուտով կարենայ իրականացնել անհրաժեշտ բարեկարգումները ի նպաստ երկրին զարգացումին ու ժողովուրդին բարօրութեան: Այս առընչութեամբ՝ ընդգծեցուեցաւ լրջօրէն ու անկեղծօրէն պաշտօնավարելու հրամայականը, որ անմիջական ազդեցութիւն ունենայ Լիբանանի կայունութեան եւ անոր ժողովուրդին ապագային վրայ:

Աղբիւրը` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/02/2025, 07:12