Առաջաւորի Բարեկենդան (Յովհ. 6, 15 – 21) - Գերյ. Խաչիկ Ծ. Վրդ. Գույումճեանի կիրակնօրեայ մտածականը
Սիրելի ընթերցող քոյրեր եւ եղբայրներ,
Համաձայն մեր Հայկական Տօնացոյցին, այսօր կը սկսինք Առաջաւորի Բարեկենդանը՝ որ նաեւ ճանչցուած է Ս. Սարգիսի շաբաթը, պահքը եւ կամ ծոմը (ինչ որ կը նշանակէ արդէն իսկ կը մօտենանք քառասնորդաց մեծ պահքի շրջանը):
Լսեցինք եւ կամ կարդացինք մեր այսօրուան Աւետարանի հատուածը. Բնական է որ պիտի չբաւարարուինք միայն լսելով եւ կամ կարդալով, այլ բոլորս կանչուած ենք մենք մեր անձերուն հետեւեալ հարցը ուղղելու. «Քրիստոս այսօրուան Աւետարանի հատուածին ընդմէջէն, ինձմէ ի՞նչ կը պահանջէ»:
1. Նկատի ունենալով որ կ՛ապրինք անապահով եւ չարութեամբ լեցուն օրեր, բոլորս կը գտնուինք կասկածի վիճակի մէջ...կասկած իմ ապահովութեանս, կասկած իմ գործիս եւ կամ կասկած՝ իմ ապագայիս մասին,
2. Երբ կը գտնուինք կասկածի մէջ, կը նշանակէ մեր հոգիները կ՛ապրին «երեկոյ» վիճակի մէջ...պահ մը երեւակայենք սիրելիներ թէ մենք կը նաւարկենք (մեր կեանքը) մութին մէջ, կ՛ապրինք եւ կը գործենք մութին մէջ...կասկածը ունեցայ, եւ կասկածը իմ մէջս գործելէ ետք՝ իմ կեանքս դարձաւ մութ եւ ես սկսայ մտածել, ծրագրել եւ գործել մութին մէջ,
3. Երբ իմ կեանքիս մէջ մութը կը գործէ, շատ բնական է որ պիտի հանդիպիմ կամ հովի եւ կամ ալ փոթորիկի (կախում ունի մթութեանս մակարդակը)...թէեւ հովը եւ կամ փոթորիկը (ոչ հանդարտ վիճակ) միայն մութին մէջ չէ որ կ՛աշխուժանայ, այլ պատճառ մը կայ որ զիս այս բոլորէն պաշտպանուած կը պահէ...,
4. Պիտի ըսէք. «վարդապետ, ի՞նչ է եւ կամ ո՞վ է պաշտպանութեան պատճառը»:
5. Աւետարանը կ՛ըսէ.«Տեսան Յիսուսը, որ լիճին վրայէն քալելով կը մօտենար նաւակին»: Իսկական հարցումը հոս է սիրելիներ. Քրիստոս իսկապէ՞ս յայտնուեցաւ թէ արդէն իսկ հոն էր. Մեր մարդկային խեղճ մտածելակերպով կ՛ըսենք թէ վստահ հոն չէր, որովհետեւ եթէ հոն ըլլար, մենք պիտի չկրէինք ոչ նեղութիւն եւ ոչ ալ չարչարանք...սակայն երբ պիտի դիտեմ հոգեւոր աչքերով, Քրիստոս սկիզբէն հոն էր՝ եւ կը հետեւէր իր աշակերտներուն, եւ նամանաւանդ ալեկոծ լիճը, սակայն կը սպասէր որ անոնք Անոր ՆԱՅԷԻՆ եւ ՏԵՍՆԷԻՆ:
6. Սիրելիներ, Քրիստոս միշտ ներկայ է մեր կեանքին մէջ, սակայն մեզմէ խնդրուած է Անոր նայիլ եւ զԱյն տեսնել: Երբ կ՛ըսեմ նայիլ եւ տեսնել, կը նշանակէ Անոր լաւ մօտենամ ու լաւ ճանչնամ, եւ չընեմ այն ինչ որ ըրին եւ կամ ապրեցան առաքեալները. «սարսափեցան» կ՛ըսէ Աւետարանը:
7. Գիտէք սիրելիներ, կանչուած ենք սարսափելու մեղքէն, բայց կը սարսափինք Քրիստոսէ (չեմ զարմանար, որովհետեւ զԻնք լաւ չենք ճանչնար, եւ չարը օգտագործելով այս մեր վիճակը, մեր մէջ կը դնէ վախի զգացում Աստուծոյ հանդէպ, փոխանակ՝ երկիւղի):
8. Ինչպէ՞ս կրնամ վախնալ մէկէ մը, որ ինծի 365 անգամ կ՛ըսէ. «Ես եմ, մի վախնաք», ինչպէ՞ս կրնամ չսիրել այսպիսի ներկայութիւն մը որ միայն ու միայն իմ բարիքս կ՛ուզէ, եւ ինչպէ՞ս կրնամ չմերժել էակ մը, որ իր ամբողջ ծրագիրը եւ նպատակը ինծի հեռացնել է այս Ներկայութենէն, եւ պահել կասկածի, վախի եւ անապահով վիճակի մէջ:
Սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ,
Չարը իր չարութիւնը պիտի ընէ այնքան որքան մենք կ՛ապրինք...ի վերջոյ՝ իր գործն է, եւ ուրիշ բան չի գիտեր ընել..., մեր առօրեայ նեղութիւնները եւ դժուարութիւնները վերջ պիտի չունենան, որովհետեւ կ՛ապրինք խեղճ եւ մեղաւոր աշխարհի մէջ, կասկածները եւ մութ պահերն ալ ունեցած ենք եւ տակաւին պիտի շարունակենք ունենալ, սակայն այս բոլորը տարբեր պիտի ըլլային եթէ մեր մէջ ունենայինք Քրիստոս, որովհետեւ՝
1. Իրմով է (Լոյսը) որ կը յաղթենք մութը,
2. Անոր հաւատալով է որ մեր մէջ կը մարենք բոլոր կասկածները,
3. զԱյն ունենալով է որ ոչ մէկ բանէ պիտի սարսափինք (դժուարութիւն, նեղութիւն...), այսօր իսկ զԻնք՝ մեր նաւակին մէջ առնենք, եւ պիտի տեսնէք թէ որքան փոփոխութիւն տեղի պիտի ունենայ մեր կեանքին մէջ. Ամէն:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ