MAP

2020.03.30 NOZZE DI CANA

Որպէսզի Չպակսի Մեր Կեանքի Սիրոյ Գինին - Գերյարգելի Գէորգ վրդ. Զապարեանի մտորումներէն

Մարդկային ամոլին՝ զոյգին կեանքին մէջ եւս կը պատահի ինչ որ պատահեցաւ Կանայի հարսանիքին ատեն: Զոյգին կեանքը կը սկսի եռանդով եւ փոխադարձ սիրով: Ժամանակի ընթացքին, եռանդը կ՛անօսրանայ եւ զոյգը կը մատնուի ձանձրոյթի, տարակարծութեան եւ երբեմն ալ ամբողջական ձախողանքի: «Պակսող գինին» խորհրդանիշն է այս բոլոր բարոյական արատներուն: Մարդկային շատ մը կացութիւններ կան՝ ուր ոչինչ կրնանք ընել: Ամէն ինչ կը պակսի, կարծես թէ այլեւս լուծում չկայ:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Աստուած այլազան ձեւերով յայտնուեցաւ մարդկութեան:

Այս յայտնութիւնը սկիզբ առաւ Իր Միածին Որդիին Ծնունդով Բեթղեհէմի մսուրին մէջ. ապա՝ Արեւելքէն եկող Մոգերուն ժամանումով, եւ հուսկ Իր Մկրտութեամբ Յորդանան գետի ջուրերուն մէջ, ձեռամբ Յովհաննէս Մկրտիչի. յայտնութիւններ, որոնք իրենց կիզակէտին հասան Կանա քաղաքին մէջ կատարուած հարսանեկան խրախճանքին առիթով (Յովհաննէս 2, 1-12), ուր մեր Տէրը Իր իսկական ինքնութիւնը հանդիսադրեց՝ աստուածային գերազանց հրաշքով:

Յիսուսի ժամանակ հարսանիքները եօթը օր կը տեւէին:

Յիշելու ենք, որ Պաղեստինի մէջ կեանքը չափազանց դժուար էր ու դաժան:

Մարդիկ շատ կ'աշխատէին եւ աղքատօրէն կ'ապրէին.

-Բազմաթիւ ու այլեւայլ հիւանդութիւններէ կը տառապէին,

-Բժշկական դարմանումները շատ նախնական էին եւ ապարդիւն,

-Առողջապահական դրութիւնն ու կացութիւնը եղկելի աստիճանի էր հասած, եւ

-համատարած էին սովն ու քաղցը.

-Կեանքը անապահով էր, ինչպէս նաեւ՝ պատերազմները անպակաս:

Նման ընկերութեան մը մէջ տօնակատարութիւնները սակաւաթիւ էին. այսուհանդերձ,կը նշուէին մեծ եռանդով եւ ուրախութեամբ, որովհետեւ քիչ մը մխիթարութիւն եւ ջերմութիւն կը բերէին տառապանքներով դաջուած այդ աշխարհին:

Այս թշուառներուն համար,որպէսզի տօն մը յաջող ըլլար, կարիք կար տեսակ մը արտառոցութեան, փարթամութեան եւ խենթ զեղծութիւններու:

Կանայի հարսանիքին պարագային՝ չափազանցութիւնը օրակարգի վրայ էր:

Ասոր համար գինին պակսեցաւ.«Վեց կարասներ՝ իւրաքանչիւրը 100 լիդր կը բովանդակէ» (Յովհաննէս 2, 6):

Սոյն հարսանեկան դրուագը լի է հոգեւոր բովանդակութեամբ: Կը նշմարենք, որ հարսը ոչ իսկ յիշուած է. իսկ փեսայի մասին լոկ կարճ անդրադարձ մը կայ պատումի աւարտին:

Յովհաննէս Աւետարանիչը շահագրգռուած էր նոր գինի բերող Յիսուսի անձով միայն, որուն ներկայութիւնը հարսանիքի ատեն անհրաժեշտութիւն մը եղաւ, որպէսզի այդ հարսանիքը խայտառակութեան չվերածուէր:

Մարդկային ամոլին՝ զոյգին կեանքին մէջ եւս կը պատահի ինչ որ պատահեցաւ Կանայի հարսանիքին ատեն: Զոյգին կեանքը կը սկսի եռանդով եւ փոխադարձ սիրով: Ժամանակի ընթացքին, եռանդը կ՛անօսրանայ եւ զոյգը կը մատնուի ձանձրոյթի, տարակարծութեան եւ երբեմն ալ ամբողջական ձախողանքի: «Պակսող գինին» խորհրդանիշն է այս բոլոր բարոյական արատներուն: Մարդկային շատ մը կացութիւններ կան՝ ուր ոչինչ կրնանք ընել: Ամէն ինչ կը պակսի, կարծես թէ այլեւս լուծում չկայ:

Աւետարանական սոյն էջը մեզի լուծում կը բերէ հետզհետէ մեզի հանդիպող դժուարութիւններուն. այն է՝ Յիսուսը հրաւիրել հարսանիքին, որպէսզի սովորամոլութեան անհամ ջուրը վերանորոգ Սիրոյ փոխէ. Սէր մը, որ հիմնուած ըլլայ հասկացողութեան, ներողամտութեան եւ զօրակցութեան վրայ:

Սուրբ Պատարագը, զոր կը մատուցանենք ամէն կիրակի, մեզի կը յիշեցնէ Կանայի հարսանիքը: Ինչպէս Կանայի հարսանիքի ընթացքին, Պատարագի ատեն եւս Յիսուս ներկայ է Իր խօսքերով ու գինիի հրաշագործութեամբ:

Ան ի վիճակի է մեր կեանքին անհամ ջուրը փոխելու ուրախութեան, խաղաղութեան եւ տօնակատարութեան գինիի:

Եթէ առանձին մնանք, մեր կեանքը անկասկած անտանելի բեռ մը, ծանրութիւն մը կը դառնայ. սակայն եթէ Քրիստոս մեզի ընկերանայ, այն ատեն մեր ջուրը գինիի կը փոխէ, եւ մեր կեանքը կրկին իր համը կը վերագտնէ:

Մեր Աստուածը մեզմէ հեռու չէ. այլ Էմմանուէլն է. «Աստուած մեզի հետ» (Մատթէոս 1, 23):

Ան մեզմով կը զբաղի, մեզ ամէն վայրկեան կը ստեղծէ:

Ան Աստուածն է ուրախութեան, սիրոյ, գուրգուրանքի, խաղաղութեան եւ նորոգ գինիի:

Յիսուս նոր գինի դարձաւ Բեթղեհէմի հովիւներուն, Արեւելքէն ժամանած Մոգերուն, մեղաւոր Մարիամ Մագդաղենացիին, հարկահաւաք Զակքէոսին, հինգ անգամ ամուսնացած Սամարացի կնոջ, ուրացող Պետրոսին, քարկոծուելու դատապարտուած շնացող կնոջ, շուարած Նիկոդեմոսին, եւ Իր հետ խաչուած աւազակին...եւ հազարաւոր ուրիշներուն՝ դարերու ընդմէջէն:

Յիսուս ձեզի եւ ինծի համար ալ կրնայ նոր գինի ըլլալ, եթէ միայն զԻնք հրաւիրենք մեր կեանքին մէջ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/02/2025, 07:16