Հայ եկեղեցւոյ Խորհրդոց մատեանի պատմական հոլովոյթը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (37)
Այսօրուայ մեր հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Մաշտոց Եղիվարդեցի Հայրապետի կեանքին ու գործին:
Մաշտոց Եղիվարդեցի, աւազանի անունով Ստեփանոս, Կոտէից կամ Արագածոտն գաւառի Եղիվարդ գիւղէն էր: Փոքր տարիքէն ընտանեօք՝ այլազգեաց հալածանքներէն բռնի փոխադրուած է Սիւնեաց նահանգի Սոթից գաւառ: Քահանայի որդի ըլլալով՝ անոր դաստիարակութեան տակ՝ ուսմանց աստուածայնոց պարապած է. Իսկ հօր մահուընէն ետք աշակերտած է Գեղարքունիքի Մաքենեաց կրօնաստանին մէջ, Թէոդորոս անունով միանձի մը մանաւանդ Ս. Գրոց մեկնութեան մէջ, ինչպէս կ'աւանդէ Օրբելեան: Տարիներ անց, իր բարեկրօն, ճգնասուն և աստուածահաճոյ վարքին համար՝ Սիւնեաց Դաւիթ եպիսկիպոսը քահանայ օծած է զինք Մաշտոց անունով: 874-էն 897թ. Սեւանի մենաստանին մէջ անցուցած է իր կեանքը, ուր վանքի առանձնութեան մէջ, ճգնաւորական կեանքին զուքահեռ՝ նուիրուած է ուսումնական աշխատասիրութեանց:
Հ. Ղ. Ալիշան կը գրէ թէ «897-ին, Բագրատունեաց թագաւորութեան սկիզբը յետ մահուան Գէորգայ Բ. Գառնեցիին (որ օծեց առաջին երկու թագաւորները), անոնց բարեկամ մեծանուն և գիտնական Ճգնաւորն Մաշտոց դրուեցաւ կաթողիկոս, յայտ է որ արքունեաց կամօք. և երբ քանի մ՝ամսէն վախճանեցաւ 898-ին, և իր աճիւնները ամփոփուած են Գառնիի տաճարի մօտ գտնուող մատրան մէջ: Նկարագրելով Մաշտոց Կաթողիկոս Եղիվարդեցիի (897-898) թաղումը, Յովհաննէս Ե. Դրասխանակերտացին (898-929) կը գրէ. «Բայց Աշոտ արքայ Հայոց յետ փայլեցուցանելոյ նորա... բարձեալ ապա դիակիր դագաղօք՝ տարան զնա ի թագաւորանիստ աւանն Բագարան ոսկեհուռն հանդերձիւք և ոսկեզօծ վառիւք զդագաղս զարդարեալ, և խումբք զօրաց զինուք և զարդուք ընտրանօք և նշանակօք շուրջ պատկանեալք մեծի կաթողիկոսին»: Վերոյիշեալը կը յիշենէ Խորենացիի նկարագրած Արտաշէսի շքեղ թաղումը:
Եզրակաբար, ԺԹ. դարու կարգ մը բանասէրներ կ'ընդունին թէ Մաշտոց ծիսարանի անուան ծագումը Սեւանի անապատի առաջնորդ՝ Մաշտոց Ա. Եղիվարդեցի Կաթողիկոսի (836-898) անուան հետ պէտք է առնչուած ըլլայ, հիմնուելով Յայսմաւուրքի գրութեան վրայ թէ «Մաշտոց Եղիվարդեցի Հայրապետ սրբակրօն և ուսումնասէր անձ մը ըլլալով՝ կարգաւորած և խմբագրած է՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչէն սկսեալ նախորդ հայրապետներու և վարդապետներու կողմէ տարբեր ժամանակներու մէջ ծիսական համակարգ ներմուծուած կանոնները՝ զանոնք ամփոփելով մէկ ժողովածուի մէջ», և ԺԳ. դարու պատմիչ՝ Կիրակոս Գանձակեցիի խօսքերուն վրայ թէ. «Մաշտոց Կաթողիկոսը կարգ ու կանոնի դրած է ծիսական գիրքերը, և իր անունով կոչած է Մաշտոց: Ան բոլոր աղօթքները, օրհնութիւնները, և ընթերցումները ի միասին ժողովեց, իր կողմէ յաւելումներ կատարելով», բայց ինչ բան աւելցուցած է՝ ճշդիւ յիշուած չէ:
Գրիգոր Ծերենց (ԺԴ. - ԺԵ. դդ.) եւս կը վերահաստատէ թէ այս Մաշտոց վարդապետը, որ յետոյ 60 տարեկանին Կաթողիկոս եղաւ՝ առաջին դարերու սուրբերուն գրութիւնները ի մի հաւաքած է, և բոլոր կարգերը մէկ տեղ ամփոփած է: Օրմանեան Պատրիարքը եւս կ'ընդունի թէ ծիսարանին վերջնական խմբագրումը կատարուած է Մաշտոց Ա. Եղիվարդեցի Կաթողիկոսի կողմէ: Միով բանիւ, Մաշտոցի միատեղումը Թ. դարու վերջին տեղի ունեցած է, որովհետեւ աւելի վաղ շրջանին՝ ձեռագիր մագաղաթի հաստութեան պատճառով մէկ կազմի մէջ շատ ծաւալուն գիրք, առաւել եւս՝ գիրքերու խումբ տեղաւորելը անյարմար, գուցէ նաեւ անկարելի պիտի ըլլար: Յամենայն դէպս, Մաշտոց անունը յառաջ եկած է ո՛չ թէ ծիսական կարգերը կազմելէն, այլ զանոնք ամբողջութեամբ մէկ հատորի մը մէջ ամփոփելէն: 893 թուին, Մաշտոց Կաթողիկոսին կազմած Մայր Մաշտոցն է որ իր աշակերտը՝ Ստեփանոս կրօնաւոր, Սեւանայ կղզիի մենաստանին մէջ ընդօրինակած է:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ