MAP

Նովարա թեմի հաւատացեալները Նովարա թեմի հաւատացեալները 

Յոբելինական Սուրբ Տարուան ուխտագնացութիւն Նովարա թեմի հաւատացեալներուն

Յոբելինական Սուրբ Տարուան առթիւ Նովարա թեմէն աւելի քան 550 հաւատացեալներ իրենց եպիսկոպոսին գլխաւորութեամբ Հռոմ ժամանեցին եւ այցելեցին Սուրբ Պետրոս տաճարը անցնելով սուրբ դուռէն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Նովարա թեմի եպիսկոպոս Գերպ Ֆրանքօ Ճուլիօ Պրամպիլլա գլխաւորելով յոբելինական ուխտագնացութիւն՝ աւելի քան 550 հաւատացեալներու հետ, ընդգծեց յոյսի կարեւորութիւնը, մասնաւորապէս երիտասարդներուն համար։
Նովարա թեմի Յոբելինական ուխտագնացութեան վերնագիրն է «Տէրը իմ յոյսս է»։ Գերպ Ֆրանքսօ Պրապիլլա նշեց, որ յոբելինական տարին կը ներկայացնէ շնորհքի տարի մը եւ յարաբերութիւններուն մէջ ապաշխարելու հնարաւորութիւն։

Չնայած Ֆրանչիսկոս Պապին հետ՝ հիւանդանոց գտնուելու պատճառով ունկնդրութեան չեղարկման հաւատացեալները աղօթեցին Պապին առողջութեան համար։ Գերպ Պրամպիլլա խօսեցաւ յոյսի կարեւորութեան մասին դժուար շրջանակներուն մէջ ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ միսիոնարականութեան մասին՝ Աւետարանը աշխարհի մէջ տարածելու։

Ուխտագնացութեան ընթացքին հաւատացեալները ապրեցան տօնակատարութեան եւ խորհրդածութեան պահեր, որոնք իրենց գագաթնակէտին հասան Սուրբ դրան անցումով։

Նովարա թեմի պատուիրակութիւնը մասնակցեցան նաեւ Եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան Գերպ Ֆիլիփ Չամփաննելիի, Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/02/2025, 11:11