MAP

Patients treated in hospital amidst Congo's mpox upsurge

Թող, որ Յոբելեանը ոգեշնչէ չեղարկելու աղքատ Երկիրներու պարտքերը․ Քրիստոնեայ առաջնորդներու կոչը G20ի երկիրներուն

124 կրօնական ներկայացուցիչներ 20 Մեծ Երկիրներու Ֆինանսական նախարարներուն ուղղած նամակի մը մէջ անհրաժեշտ կը համարեն «արդար եւ գործող ընդհանրական պարտքային համակարգի» ստեղծումը՝ անարդիւնաւէտութիւնն ու անհաւասարութիւնը դիմագրաւելու համար, որոնք «ստիպած են ամենակարիքաւոր երկիրները տառապիլ սովէն, հիմնական ծառայութիւններու անհասանելիութենէն, քայքայուող ենթակառուցուածքներէն եւ կլիմայական ճգնաժամի վատթարագոյն հետեւանքներէն»:
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

«Յոբելեանի աւանդոյթը կը պահանջէ, որ ներուին պարտքերը, հողը վերադարձուի եւ ստրուկները ազատ արձակուին: Աստուածաշնչական այս փորձառութիւնը կը մարմնաւորէ արդարութիւնը, ողորմութիւնը եւ հաշտութիւնը՝ առաջարկելով նորոգուած ուխտ Աստուծոյ հետ եւ ներդաշնակութիւն համայնքէն ներս»: Սուրբ Տարիէն ոգեշնչուած այս յորդորը քաղուած է բոլոր մայրցամաքներէն քրիստոնեայ կրօնական 124 ներկայացուցիչներու՝ Մեծ 20ի (G20) Ֆինանսական նախարարներուն ուղղած նամակէն, որոնք՝ կեդրոնական դրամատուներու կառավարիչներու հետ միասին, Փետրուար 26ին եւ 27ին, մասնակցեցան Հարաւային Ափրիկէի Քեյփթաուն քաղաքին մէջ կազմակերպուած համաժողովին։

Նամակին մէջ կը հաւաստուի, որ G20ի համատեղ շրջանակը «չէ ստեղծած ժամանակին եւ համարժէք համաձայնութիւններ, որոնցմէ կախուած են միլիոնաւոր կեանքեր եւ ապրուստի միջոցներ» եւ որ «անարդիւնաւէտութիւնն ու անհաւասարութիւնը» ստիպած են ամենակարիքաւոր ազգերու քաղաքացիներուն տառապիլ սովէն, հիմնական ծառայութիւններու անհասանելիութենէն, քայքայուող ենթակառուցուածքներէն եւ կլիմայական ճգնաժամի վատթարագոյն հետեւանքներէն:

Կրճատել պարտքը

Ուստի, կոչը ստորագրածները՝ կը խնդրեն ֆինանսական պատասխանատուներէն՝ պարտաւորուիլ լուծելու պարտքային ճգնաժամը՝ յիշեցնելով, որ աշխարհի բնակչութեան գրեթէ կէսը՝ 3,3 միլիարդ մարդ, «այսօր կ’ապրի այն երկիրներուն մէջ, որոնք աւելի շատ կը ծախսեն պարտքերու վճարման վրայ, քան առողջապահութեան, կրթութեան կամ կեանքը փրկող կլիմայական միջոցառումներու վրայ»։

Նման իրավիճակ դիմագրաւելու միակ միջոց կը նկատուի «արդար եւ գործող ընդհանրական պարտքային համակարգի ստեղծումը»՝ ներառուած «աւելի արդար եւ ճկուն ֆինանսական համակարգի մէջ»:

Այդ նպատակով կ’առաջարկուի Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան ծիրէն ներս համաձայնիլ պարտքի լուծման ու կարգաւորման եւ պատասխանատու վարկաւորման ու փոխառութեան, ինչպէս նաեւ պետական ​​պարտքի համաշխարհային գրանցամատեան հիմնելու կանոնները, «որպէսզի բոլոր պարտատէրերը եւ պարտապան կառավարութիւնները համարուին պատասխանատուներ»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/02/2025, 08:00