MAP

2025.02.19 Efeso

Ուխտագնացութիւն վաղ քրիստոնէութեան օրրան Եփեսոս

«Opera Romana Pellegrinaggi» ուխտագնացութեամբ զբաղող Վատիկանեան հաստատութեան ուխտաւորներու խումբը՝ Հայր Ճովաննի Պիալլոյի ուղեկցութեամբ, այցելած է Նիկիա՝ առաջին Տիեզերական Ժողովի 1700 ամեակի առթիւ: Երթուղին ընդգրկած է այցելութիւն Մարիամի Տուն՝ այն վայրը, որտեղ Յիսուսի Մայրն ապրած է իր վերջին տարիներուն
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ երեմեան - Վատիկան

Տակաւին հնագոյն ժամանակներէ՝ ըլլայ իր պատմաշխարհագրական, ըլլայ քաղաքական տեսանկիւնէ, «Արեւելքի դարպաս» անուանուած Եփեսոսը այն վայրն է, որտեղ քրիստոնէութիւնը առաջին անգամ հանդիպեցաւ նոր աշխարհներու եւ դարձաւ իսկապէս «տիեզերական»: Մշակութային առումով հելլենիստական, բայց քաղաքականապէս հռոմէական այդ քաղաքը կը գտնուի շրջկեդրոն Զմիւռնիայէն շուրջ ութսուն քիլոմեթր դէպի հարաւ։ Հնագիտական​​ հսկայական վայր, որ ամէն մէկ քար քրիստոնէական ակունքներու մասին կը պատմէ։

Մ․թ.ա. 129 թուականին այն դարձաւ Ասիոյ նահանգի մայրաքաղաքը, կարեւոր տնտեսական եւ առեւտրային կեդրոն, եւ իր առաւելագոյն շքեղութեան տարիներուն ունէր 250,000 բնակիչ: Միաժամանակ նշենք, թէ այսօրեայ Թուրքիոյ մէջ աւելի քիչ քրիստոնեայ բնակչութիւն կայ, քան իր հարեւան Մերձաւոր Արեւելքի պետութիւններէն որեւէ մէկը՝ Սուրիա, Իրաք, Լիբանան, Իրան, որ պայմանաւորուած է Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ քրիստոնեայ յոյն, ասորի եւ նամանաւանդ հայ բնակչութեան բռնի գաղթով եւ հայոց ցեղասպանութեամբ։ Քրիստոնեաներու թիւը 2010 թուականին կը կազմէր 120,000՝ 76,600,000 ընդհանուր բնակչութենէն։

Մ.թ. 431 թուականին Մարիամ Աստուածածին Պազիլիքան հիւրընկալած է Եփեսոսի Տիեզերական Ժողովը (երրորդը՝ ժամանակագրական կարգով), որ ստացած է Ժողովի Պազիլիքա։ Անոր մասնակցած 150 եպիսկոպոսները սահմանած են մարդկային եւ աստուածային բնոյթներու միաւորումը Քրիստոսի մէջ, այդպիսով ճանչնալով նաեւ Մարիամի աստուածային մայրութիւնը՝ «Աստուածածին» որակումով։ «Ասիկա կարեւոր նշան է», բացատրած է «Opera Romana Pellegrinaggi» ուխտագնացութեամբ զբաղող Վատիկանեան հաստատութեան ընկերակցող Հայր Ճովաննի Պիալոն Վատիկանի լրատուամիջոցներուն՝ հաստատելով, որ ըստ աւանդութեան, Մարիամ իր կեանքի վերջին տարիներուն՝ Յովհաննէս Առաքեալին հետ միասին, Եփեսոս ապրած է։ Յիրաւի, քաղաքէն քանի մը քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ, կը գտնուի Առաքեալի անունը կրող Պազիլիքան եւ գերեզմանը։

«Անհաւանական է գտնուիլ այս վայրերու մէջ, որոնք այս շօշափելի խորհրդանիշներու եւ այնտեղ տեղի ունեցած իրադարձութիւններու միջոցաւ, թէեւ ուղղակիօրէն չեն հանդիսանար մեր հաւատքի սկզբնաղբիւրը, այնուամենայնիւ, առարկայօրէն կը հաստատեն զայն շատ առումներով», կը շարունակէ Հայր Պիալլոն, որ այս օրերուն՝ Նիկիոյ Տիեզերական Ժողովի 1700-ամեակի առթիւ ուխտագնացութիւն կատարած է Թուրքիա։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/02/2025, 10:00