Անդրյորդանան. հակամարտութիւններու ազդեցութիւնը քրիստոնէական դպրոցներուն վրայ
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Սուրբ Երկիրի մէջ քրիստոնէական դպրոցները կողմնակի զոհեր դարձած են պաղեստինեան տարածքներու մէջ շարունակուող հակամարտութեան։ Այս եղաւ Գահիրէի մէջ Մերձաւոր Արեւելքի քրիստոնէական դպրոցներու համաժողովի ժամանակ կատարուած շեշտադրումներէն մին։ Ռամալլայի եւ Բեթղեհէմի դպրոցներու&Բ;ուսուցիչներու եւ տնօրէններու համար այդ հանդիպումը թարմ շունչ էր, որ կարծես պահ մը մոռցնել տուաւ Անդրյորդանանի բազմաթիւ դժուարութիւնները։
Պատերազմի ազդեցութիւնը դպրոցներու վրայ
2023 թուականի 7 հոկտեմբերին բռնկած պատերազմը չխնայեց պաղեստինեան կրթական համակարգը։ «Անդրյորդանանի դպրոցները կը բացուին կամ կը փակուին՝ կախեալ մարտերէն, յարձակումներու յաճախականութենէն կամ զոհերու քանակէն: Աւելին, երբ գիշերը իսրայէլական յարձակողական ուժերը հսկիչ կէտեր կը տեղադրեն, որոշ աշակերտներ այլեւս կարելիութիւնը չունին դպրոց յաճախելու, Վատիկան Նիուզի ֆրանսական բաժնի աշխատակից Մարին Անրիոյին հետ հարցազրոյցի ընթացքին նկատած է Քոյր Սիլուանը, որ կը համակարգէ ֆրանսերէնի ուսուցումը Պաղեստինեան տարածքներու 10 լատին դպրոցներու մէջ։
Քրիստոնէական դպրոցները երկխօսութեան բնօրրան
Պաղեստինեան տարածքներու 65 քրիստոնէական դպրոցներու մէջ կը սորվին 22000 աշակերտ, անոնց շարքին՝ 8000 քրիստոնեայ։ Մինչ Իսրայէլի յարձակումը Կազայի հատուածի մէջ կային չորս քրիստոնէական դպրոցներ, որոնցմէ երկուքը կը պատկանէին Երուսաղեմի Լատին պատրիարքութեան։ Սուրբ ընտանիքի Եկեղեցին նոյնպէս մասամբ աւերուած է ռազմական յարձակման ժամանակ, եւ որոշ քրիստոնեայ ուսանողներ, շատ ուսուցիչներ եւ աշակերտներու ծնողներ սպաննուած են, շարունակած է պատմել ֆրանսացի միանձնուհին։ Չնայած 15 Յունուարին հաստատուած հրադադարին՝ պատերազմը չէ անհետացած ուսանողներու առօրեայէն։
Լրատուամիջոցներու տեսադաշտէն դուրս՝ իսրայէլական ներխուժումները եւ ճանապարհներու փակումը Անդրյորդանանի մէջ իրականութեան մէջ բազմապատկուած են: «Պատերազմը երբեք պիտի չաւարտի, կայ հրթիռներու աղմուկ, կայ վախ եւ տագնապ», կ’ըսէ յուզուած քոյր Սիլուանը:
Պատերազմն անխուսափելի հետեւանքներ ունի ուսանողներու հոգեկան առողջութեան վրայ. «Մենք ճգնաժամային իրավիճակ կ’ապրինք ուսանողներու եւ անոնց ընտանիքներուն համար», եւ՝ դասաւանդելէն զատ, կը փորձենք հոգ տանիլ ուսանողներուն նաեւ հոգեբանական մակարդակի վրայ» կը նշէ իր հերթին Երուսաղեմի Ռամալլայի հոյն - կաթողիկէ դպրոցի տնօրէնը Նաելա Ռապահը։
ԵՈՒՆԻՍԵՖի տուեալները
ԵՈՒՆԻՍԵՖի տուեալներով՝ Անդրյորդանանի եւ Արեւելեան Երուսաղեմի մէջ դպրոց կը յաճախեն 782,000 երեխաներ, սակայն տեղական կրթութեան նախարարութեան տուեալներով՝ գրաւուած պաղեստինեան տարածքներու մէջ 2023 թուականի հոկտեմբերէն ի վեր փակուած են շատ մը դպրոցներ: Քաղաքական իրավիճակը դասասենեակներէն յեռու կը մնայ, ուր ծրագրուած են երկխօսութեան պահեր՝ տարբեր կարծիք ունեցող մարդկանց հետ շփուելու, ուրիշները հասկանալու եւ ընդունելու նպատակով, կը շարունակէ բացատրել Ռամալլայի հաստատութեան տնօրէնը, որ կ’ընդգծէ նաեւ, որ բոլոր քրիստոնէական դպրոցները կը հիւրընկալեն բոլոր դաւանանքներու երեխաներ: Օրինակ․ Քրիստոնէութեան եւ կրօնական համակեցութեան բնօրրան Բեթղեհէմի մէջ գտնուող Սուրբ Յովսէփ կրթական հաստատութեան մէջ կը սորվին 800 ուսանողներ, որոնց 50 առ հարիւրը մահմետականներ են։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ