Զմմառու Վանքի "Փոխման Սուրբ Կուսին" մայր եկեղեցւոյ մէջ, Տեառնընդառաջի օրուան պատարագը Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան վանքի Մեծաւորի տեղապահ` Գեր.Պերճ Վրդ. Սապէ։
Կիրակի, 2 Փետրուար 2025-ի, առաւօտեան ժամը 10։30-ին, Զմմառու Վանքի "Փոխման Սուրբ Կուսին" մայր եկեղեցւոյ մէջ, Տեառնընդառաջի օրուան պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց` Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան վանքի Մեծաւորի տեղապահ` Գեր.Պերճ Վրդ. Սապէ։
Խորանին սպասաւորութիւնն ու երգեցողութիւնը կատարեցին` Սուրբ Միքայէլ ընծայարանի նորընծաներն ու Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի ժառանգաւորները, ղեկավարութեամբ` Համանուն կրթօճախի տեսուչի տեղապահ` Գեր.Պետրոս վրդ.Մարաշլեան։
Գեր. Հ. Պերճ իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Աւետարանին մէջ նշուած Սուրբերէն իւրաքանչիւրին մասին, որոնցմէ կարելի է ուսուցանելի դասեր քաղել եւ մեր կեանքը հունաւորել անով` "Այսօրուայ Աւետարանը` մեզի կը յայտնէ, որ Յիսուս կ'ուզէ թափանցել` մեր սրտերուն, մեր կեանքին եւ բնակարաններուն մէջ։
Միեւնոյն Աւետարանը մեզի կ'օգնէ, որպէսզի կարենանք Յիսուսը ընդունիլ` մեր կեանքէն ներս։
Իսկ որպէսզի կարենանք Յիսուսը ընդունիլ մեր կեանքին մէջ` ապա Մարիամի եւ Յովսէփի կարիքը ունինք։
Քանզի այսօրուայ Աւետարանին մէջ Մարիամ եւ Յովսէփ իրենք ընծայեցին Յիսուսը` տաճար։
Իսկ որպէսզի Յիսուս կարենայ հասնիլ մեր սրտի տաճարին մէջ` ապա կարիքը ունինք Մարիամի եւ Յովսէփի։
Մարիամէն ի՞նչ կը սորվինք` Մարիամ իր Այոն ըսելով` մեզի կը սորվեցնէ, թէ մենք հրաւիրուած ենք տրամադրելու մեր անձերը` Աստուծոյ։
Մարիամ Գաբրիէլ հրեշտակապետին Այո ըսելով, կ'ըսէ`
Ա'ռ իմ աչքերս եւ անոնցմէ աչքեր ունեցիր։
Ա'ռ իմ սիրտս` եւ անկէ սիրտ ունեցիր։
Ա'ռ իմ ձեռքերս, եւ իրենցմէ` ձեռքեր ունեցիր։
Այլ խօսքերով` Մարիամ իր անձը, իր մարմինը կը տրամադրէ Աստուծոյ, որպէսզի Աստուած Մարիամի մարմինով` մարմնանար։
Իսկ Սուրբ Յովսէփէն` ի՞նչ կը սորվինք։
Սուրբ Յովսէփ եւս Այո ըսելով Աստուծոյ` Յիսուսը ընդունեց որպէս որդի։ Ան մեզի կը սորվեցնէ` թէ մենք հրաւիրուած ենք ընդունելու Յիսուս որպէս ապագայ, որովհետեւ հրեայի մը համար որդին` կը նշանակէ ապագայ։
Ուստի Սուրբ Յովսէփ ընդունելով Յիսուս որպէս որդի` Աստուծոյ կ'ըսէ` ես կ'ընդունիմ այս մանուկը որպէս ապագայ։
Առ այդ կարելի է եզրակացնել հետեւեալը` որպէսզի Յիսուս կարենայ մուտք գործել մեր կեանքին մէջ, մեր բնակարաններու մէջ, մեր սրտերուն մէջ` ապա բոլորս հրաւիրուած ենք Յիսուսին շնոհելու մեր անձերը Մարիամի նման, եւ տեսնելու Յիսուսով` մեր ապագան։
Իսկ Յիսուս մտելէն ետք` ի՞նչ բանի կարիքը ունինք։
Բաւարար չէ, որ Ան մտնէ մեր կեանքին, մեր տուներուն, մեր սրտերուն մէջ, այլ` մենք պէտքը ունինք Սիմէոնին։
Սիմէոն ի՞նչ կը նշանակէ, կը նշանակէ` այն որ կը լսէ, եւ որովհետեւ Սիմէոն կը լսէր, Սուրբ Հոգին կարողացաւ իրեն լսելի դարձնել, որ Յիսուս հասաւ տաճար, եւ որովհետեւ կը լսէր, կարողացաւ տեսնել այս Մանուկին մէջ` Աստուծոյ Որդին, եւ որովհետեւ կը լսէր, կարողացաւ տեսնել այս Մանուկին մէջ Աշխարհի Լոյսը։
Ուրեմն, մենք որպէսզի Յիսուսի յարգը գիտնանք` պարտինք հասկնալ, որպէսզի կարողանանք հասկնալ Յիսուսը` պէտք ունինք լսելու, պէտք ունինք մտիկ ընելու, ինչ որ այսօրերուն շատ դժուար է։
Մեր մտքերը միշտ զբաղ են եւ միշտ տարուած ենք` զանազան փուճ եւ սին բաներով, որոնք արգելք կը հանդիսանան, որ մենք լսենք։
Ասոր համար, եթէ նոյնիսկ ճանչնանք Յիսուս` երբեք չենք անդրադառնար Յիսուսի յարգը, Յիսուսի կարեւորութիւնը եւ Յիսուսի կարողութիւնները մեր կեանքէն ներս։
Իսկ լսելէ ետք` ի՞նչ բանի պէտքը ունինք։
Պէտք է այն ի՞նչը, որ կը լսենք` կեանքի վերածենք, եւ այստեղ կը պարզուի Աննայի դերակատարութիւնը այս Աւետարանին մէջ։
Աննան ինչպէ՞ս կը ներկայացնէ Աւետարանը։ Ան կը ներկայացնէ չորս բառերով`
Ա-Կը ծառայէ, բաւարար չէ լսելը, այլ` այն ի՞նչ կը լսես, գործի վերածես։
Աննան կ'աղօթէր։
Մարդ միայն լսելով եւ հասկնալով է, որ կարող է աղօթել։
Աղօթք չկայ` առանց լսելու։
Աննան ծոմ կը պահէր, այսպիսով Ան մեզի կը սորվեցնէ, որ մարդ ոչ միայն հացիւ, այլ` բանիւ է, որ կ'ապրի։
Աննան Աւետարանին մէջ կը ներկայացուի որպէս տարիքոտ, որ կ'իմաստաւորէ` համբերութիւն։
Հոգեւոր կեանքը կը կարօտի ժամանակի։ Մենք չենք կրնար աճիլ Հոգեւոր կեանքի մէջ, չենք կրնար ապրիլ Յիսուսի հետ` եթէ համբերող չըլլանք։
Աւետարանի մէջ նշուած բոլոր տիպարներէն` Մարիամէ, Յովսէփէ, Սիմէոնէ եւ Աննայէ` եթէ սորվինք, ապա Յիսուս մեր կեանքին մէջ կ'աճի հասակով եւ իմաստութեամբ։
Իսկ երբ Յիսուս աճի, ուստի մենք ալ կ'աճինք։
Դժբախտաբար այսօր մենք կ'ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր այս աճը կը պակսի, կը պակսի Յիսուս, որ աճած է մեր կեանքին մէջ։
Աղօթքենք, որպէսզի կարողանանք Մարիամէն սորվիլ` մեր անձը Աստուծոյ նուիրել։
Աղօթենք, որպէսզի կարողանանք Յովսէփէն սորվիլ` Յիսուսին մէջ տեսնել մեր ապագան եւ Յիսուսէն բացի ոչ մէկ բանի մէջ տեսնել ապագան։
Աղօթենք, որպէսզի կարողանանք մտիկ ընել եւ մեր լսածը կեանքի վերածենք Աննային նման, որպէսզի Յիսուս աճի մեր մէջ եւ մենք աճինք Յիսուսի մէջ"։
Յաւարտ Սուրբ եւ Անմահ պատարագի տեղի ունեցաւ մոմերու օրհնութիւն ապա խարոյկի շուրջ կատարուեցաւ` անդաստանօրհնէք։
Աղբիւրը՝ Զմմառու Վանքի դիմատետր
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ