Ռաֆաէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքին շնորհաւորական այցելութիւնը Լիբանանի նորընտիր նախագահ՝ Զօրաւար Ժոզէֆ Աունին
Երկուշաբթի, 20 յունուարին, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքը, ընկերակցութեամբ հայ կաթողիկէ համայնքը ներկայացնող պատուիրակութեան մը, այցելեց նախագահական պալատ` նախագահ Ժոզեֆ Աունը շնորհաւորելու համար անոր ընտրութեան առիթով:
Հանդիպման ընթացքին ամենապատիւ հոգեւոր տէրը ըսաւ. «Պատրաստ ենք աշխատելու եւ զոհաբերուելու` ձեր իշխանութեան նստաշրջանը յաջողութեամբ պսակելու համար: Կոչ կ՛ուղղենք բոլոր պատասխանատուներուն, որ կանգնին ձեր կողքին»:
Իր կարգին, նախագահ Ժոզեֆ Աուն ըսաւ, որ Լիբանան կը մեծնայ իր բոլոր զաւակներով` ինչ համայնքի ալ պատկանին անոնք: Ան կոչ ուղղեց զօրաշարժի ենթարկելու երկրին մէջ թէ աշխարհով մէկ սփռուած լիբանանեան ներուժը` որպէսզի ան ի սպաս դրուի Լիբանանին:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ