MAP

2025.01.22 Il Patriarca Afram II visita Patriarca Minassian

Անտիոքի Ասորի օրթոտոքս Եկեղեցւոյ Պատրիարք Մար Ինքնատիոս Աֆրամ Բ. այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան

Հանդիպումի ընթացքին Աֆրամ Պատրիարքը Սուրբ Ծննդեան շնորհաւորութիւնները փոխանցեց Ամենապատիւ հոգեւոր Տիրոջ մաղթելով քաջառողջութիւն ու բարօրութիւն։ Անոնք ապա անդրադարձան Սուրիոյ մէջ տիրող ներկայ իրավիճակի մասին ու գոյացած զարգացումներուն, անհրաժեշտ նկատելով նոր սահմանադրութեան մը շարադրումը, որ պէտք է երաշխաւորէ բոլորին իրաւունքները եւ ուր պէտք է գործադրուին հաւասարութեան ու արդարութեան սկզբունքները։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Երեքշաբթի 21 Յունուար 2025ին Անտիոքի Ասորի օրթոտոքս Եկեղեցւոյ Պատրիարք Գերերջ. Մար Ինքնատիոս Աֆրամ Բ. այցելութիւն տուաւ իր եղբօր ի Քրիստոս` Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին, անոր Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան նստավայրին մէջ, Սուրբ Ծննդեան շնորհաւորութիւնները փոխանակելու համար։

Հանդիպումի ընթացքին Աֆրամ Պատրիարքը Սուրբ Ծննդեան շնորհաւորութիւնները փոխանցեց Ամենապատիւ հոգեւոր Տիրոջ մաղթելով քաջառողջութիւն ու բարօրութիւն։ Անոնք ապա անդրադարձան Սուրիոյ մէջ տիրող ներկայ իրավիճակի մասին ու գոյացած զարգացումներուն, անհրաժեշտ նկատելով նոր սահմանադրութեան մը շարադրումը, որ պէտք է երաշխաւորէ բոլորին իրաւունքները եւ ուր պէտք է գործադրուին հաւասարութեան ու արդարութեան սկզբունքները։ Զրուցակիցները խօսեցան նաեւ Լիբանանի կացութեան մասին յոյս յայտնելով որ Նախագահի ընտրութեամբ Երկիրը դարձեալ վերականգնի։ Անոնց զրոյցներուն նիւթ եղան նաեւ եկեղեցական եւ համայնքայինհարցեր։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/01/2025, 07:35