MAP

Եկեղեցիներուն միջազգային խորհուրդ Եկեղեցիներուն միջազգային խորհուրդ 

«Որպէսզի աշխարհ գիտնայ՝ թէ դո՛ւն ղրկեցիր զիս» Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրուեան

Հոգեւոր կեանքը կրնայ մեզ աւելի օգնել դէպի միութիւն, քան աստուածաբանական եւ վարդապետական հարցերը: Հետեւաբար, որպէս եկեղեցի պէտք է շեշտը դնենք քրիստոնէական ապրելակերպին, աւելի քան մտաւոր բարդ հարցերու: Միութեան մեր շարժառիթը պէտք է ըլլայ Քրիստոս վկայ ըլլալ: Միայն այն ժամանակ կրնանք շիտակ ճամբուն մէջ մտնել դէպի այդ միութեան, որու համար Քրիստոս աղօթեց:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

1948 թ․-ի օգոստոսի 23-ին Ամստերդամ քաղաքին մէջ հիմնուեցաւ «Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդ», որ միջ-եկեղեցական միջազգային կազմակերպութիւնը մըն է։ Անոր նպատակն էր երկխօսութիւն հաստատել տարբեր եկեղեցիներու եւ քրիստոնէական հաւաքականութիւններու միջեւ ի խնդիր միութեան:

Միութեան իմաստով կարեւոր քայլ մըն էր 1965 թուականին Պօղոս Զ. քահանայապետին եւ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարք՝ Աթենագորաս Ա-ին հանդիպումը, երբ տասնմէկերորդ դարէն սկսած իրար վրայ դրուած փոխադարձ բանադրանքները վերացուցին: Այս քայլով կրկին հնարաւոր է եղաւ պատկերացնել ապագայ մը, երբ երկու եկեղեցիները կը միանան Ս. հաղորդութեան խորհուրդով, իրականացնելու Քրիստոսի պատգամը՝ «որ անոնք մէկ ըլլան:» (Յովն. 17:11):

Միութեան շաբթուայ ընթացքին տարբեր եկեղեցիներ իրար մօտ կու գան աղօթքներ բարձրացնելու, Քրիստոսի պատգամն ու փափաքը իրականացնելու նպատակով: Սոյն հանդիպումներուն կողքին տարբեր տեղեր եւ զանազան ժամանակներու մէջ երկխօսութիւններ ալ կը պատահին կաթողիկէ եւ զանազան ուղղափառ եկեղեցիներու միջեւ, լուծումներ գտնելու համար վարդապետական եւ աստուածաբանակն կնճռոտ խնդիրներուն: Թէեւ որոշ յառաջդիմութիւն արձանագրուած է այս իմաստով, բայց տակաւին հսկայ լեռներ կան մագլցելու համար:

Ընդհանրապէս միութեան շաբթուայ աղօթքներու եւ դասախօսութիւններու թեման կ'ըլլայ Քրիստոսի աղօթքը ՝ « Հայր՝ թող անոնք մէկ ըլլան»: Սակայն նոյն համար եթէ շարունակենք կը գտնենք նպատակը այդ միութեան՝ « որ աշխարհ գիտնայ Դուն Ղրկեցիր զիս»: Եկեղեցւոյ միութիւնը աշխարհին ցոյց պիտի տայ, որ Քրիստոս Աստուածորդին է եւ թէ մենք կը պատկանինք Իրէն: Հետեւաբար եղեցւոյ բաժանումը իր վկայութիւնը կը տկարացնէ:

Ժան Քորպոն՝ կաթողիկէ եկեղեցւոյ վարդապետ, էկումենիզմի աստուածաբան և համալսարանի փրոֆեսոր է։ Ան իր արեւելքի մէջ ապրած փորձառութիւնը եւ իր եկեղեցականի հմտութիւնը գիրքով մը հրապարակեց L'Eglise des Arabes խորագրով: Սոյն գրգին արաբերէն տարբերակը ձեռքս անցաւ եւ կրնամ ըսել հոն միութեան ձգտող շատ կարեւոր առաջարկներ գտայ, որ ներկայ եկեղեցւոյ օգտակար կրնան ըլլալ: Նախ եւ առաջ կրնանք ըսել, թէ վարդապետը հմայուած է արեւելքի եկեղեցւոյ վկայութենէն եւ այն միութեան հոգիէն, որ կը տիրէ այդ եկեղեցիներու միջեւ: Հ. Ժան Քորպոն իր եկեղեցւոյ պատմութեան տիրապետող ըլլալու հանգամանքէն, կը թելադրէ՝ որ եկեղեցին վերադառնայ իր հոգեւոր կենաքի վկայութեան: Առաջին դարերու քրիստոնեաները իրենց կեանքի վկայութեամբ տարածեցին հաւատքը եւ ոչ թէ վարդապետական կամ աստուածաբանական ճշմարտութիւններու հմուտ ըլլալու պատճառով: Ճգնաւորներ եւ վանական հասարակութիւններ, թափ տուին հոգեւոր վերելքի: Հ. Քորպոն կ'առաջարկէ որ եկեղեցին վերաշխուժացնէ իր վանական դրութիւնը եւ քաջալերէն հոգեւոր կեանքը: Հոգեւոր կեանքը կրնայ մեզ աւելի օգնել դէպի միութիւն, քան աստուածաբանական եւ վարդապետական հարցերը:

Հետեւաբար, որպէս եկեղեցի պէտք է շեշտը դնենք քրիստոնէական ապրելակերպին, աւելի քան մտաւոր բարդ հարցերու: Միութեան մեր շարժառիթը պէտք է ըլլայ Քրիստոս վկայ ըլլալ: Միայն այն ժամանակ կրնանք շիտակ ճամբուն մէջ մտնել դէպի այդ միութեան, որու համար Քրիատոս աղօթեց:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/01/2025, 07:00