ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (14)
ՄԽԻԹԱՐ ՍԱՐԿԱՒԱԳ ԿԱՐԻՆԻ ՃԱՄԲՈՎ ԿԸ ՀԱՍՆԻ ՍԵԲԱՍՏԻԱ
Բասենի վանքէն մեկնելով, Մխիթար սարկաւագ կ՚երթայ Կարին եւ որոշ ժամանակ մը հոն կը մնայ, սպասելով որ դէպի Սեբաստիա գացող ուղեւորներու խումբը հաւաքուի։
Կարինի մէջ Մխիթար կ՚իջեւանի Պօղոս անունով բարեպաշտ մարդու մը տունը, որ քաջատեղեակ էր կաթողիկէ հաւատքին եւ նոյնիսկ ուխտի գացած էր Հռոմ։ Ան մանրամասնօրէն կը պատմէ Մխիթարի արեւմուտքի քրիստոնեաներու ծաղկուն վիճակը, Հռոմի անհամար եկեղեցիներու, ճոխ գրադարաններով հարուստ, անթիւ վանքերու եւ զանազան կրօնաւորական հաստատութիւններու մասին, եւ թէ ինչպէս բոլոր քրիստոնեաները Քահանայապետի առաջնորդութեամբ կը ղեկավարուէին։ Մխիթար այս բոլորը լսելով կը խանդավառուի եւ կը մտադրէ օր մը ինքն ալ Հռոմ երթալ ու այցելել։
Պօղոսի տան մէջ հետաքրքրական գիրքեր գտնելով՝ Մխիթար իր ժամանակը կը նուիրէ ընթերցելու, յատկապէս Հայոց եւ Հռոմի եկեղեցւոյ յարաբերութիւններու մասին պատմող գիրքերը, ինչպէս 1658ին հրատարակուած Կղեմէս Կալանոսի «Միաբանութիւն Հայոց սուրբ Եկեղեցւոյն ընդ մեծի սուրբ Եկեղեցւոյն Հռոմայ» եռահատոր մատեանը, եւ ուրիշ գործեր, որոնցմէ քաղուածաբար կարեւոր հատուածները կ՚աւելցնէ իր հատընտիրին մէջ, ուր Աստուածաշունչէն, Յայսմաւուրքէն, Յիսուս Որդիէն, Շարակնոցէն եւ այլ գիրքերէն վկայութիւններ հաւաքած էր։
Երբ Սեբաստիա մեկնող ուղեւորներու խումբը կը կազմուի, Մխիթար սարկաւագ անոնց հետ ճամբայ կ՚ելլէ եւ 1694ի Յունիսին կը հասնի Սեբաստիա, անհուն ուրախութեան պատճառ դառնալով իր ծնողքին եւ ազգականներուն, ինչպէս նաեւ իր հոգեւոր դաստիարակներէն երէց քրոջ՝ Մանասէին, որ տակաւին ողջ էր։ Ապա բարձրանալով Ս. Նշան վանքը՝ հոն կ՚իջեւանի։
Այս շրջանին Մխիթար սարկաւագ նոր եւ զարմանալի եռանդով մը տոգորուած, կը նուիրուի անընդմէջ ընթերցանութեան, ուր որ պատահէր, նոյնիսկ ճամբորդելու ընթացքին, իշու վրայ հեծած ժամանակ գիրք կը կարդար։ Ուսման ծարաւը կը յագեցնէ վանքի հարուստ գրադարանի ձեռագիրները ուսումնասիրելով։ Իր հարազատ վանքի առանձնութեան մէջ առտուընէ մինչեւ կէսօր կը նուիրուէր Ս. Գրքի եւ կամ ուրիշ վարդապետական գիրքերու ընթերցման. կը կարդար առանց ձանձրանալու եւ կը խորհրդածէր կարդացած բառերու միտքն ու իմաստը քննելով։ Ճաշէն ետք քիչ մը դադար կ՚առնէր եւ ապա կրկին կ՚անցնէր ուսումնասիրութեան մինչեւ երեկոյ։ Նոյնիսկ գիշերը, քունի ժամերը զոհելով ճրագի լոյսով գիրք կը կարդար։ Իսկ եթէ ստիպուէր նիւթական գործով զբաղիլ եւ կամ միջադէպ մը խափանէր իր ընթերցումը՝ այդ ընթացքին կարդացածները վերյիշելով՝ անոնց մասին կը մտորէր եւ կը փորձէր խորաթափանց ակնարկով վերլուծել, քննել եւ ըմբռնել ներկայացուած գաղափարները։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ