Սարիգս Նաճարեանի երթին առթիւ` Գերապ. Հ. Վարդան Թ. Ծ. Վ. Գազանճեանին վկայութիւնը
Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք
Չորեքշաբթի, 15 Յունուար 2025-ին, աշխարհէն հեռացաւ 1937ի ծնունդ Լիբանանահայ լրագրող, խմբագիր, հրապարակագիր եւ համայնքային գործիչ եկեղեցասէր տիար Սարգիս Նաճարեան։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի կ’ունենայ Ուրբաթ, 17 Յունուար 2025-ի, յետմիջօրէի ժամը 3։30-ին, Պէյրութի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ - Ս. Եղիա Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Ֆըրն էլ Շըպպէքի Հայ Կաթողիկէ գերեզմանատուն:
Այս տխուր առիթով կը ներկայացնենք անոր մտերիմ ծանօթներէն ու համագործակիցներէն Գերապ. Հ. Վարդան Թ. Ծ. Վ. Գազանճեանին վկայութիւնը
Արժէքաւոր իր պարզութեամբ՝ աննման գրիչ մըն էր Պրն Սարգիսը։
Ան Սփիւռքի Երեւանն էր եւ Երեւանի Սփիւռքն էր։
Կաթողիկէ սպասաւորն էր Պատրիարքութեան՝ Աղաճանեանի օրերէն սկսեալ։
Իսկ քաղաքականութեան մէջ Վարդանանցասէր հաւատացեալ քրիստոնեայ ցախն էր պարոն Սարգիսը։ Կշռաւոր ազգայինն էր ան բայց ամէն բանէ վեր՝ «Արարատ»եան մարզիկ հայն էր։
Խօսքս անոր կը ձօնեմ։
Թէ յուշերով համայնք հիւսեմ
Անցեալ դարուն կէս հատուածը,
Նկար գծեմ լուրջ գոյներով՝
Հիւսեմ անցեալ դարու կէսը,
Հիւսեմ թելով երազներու
եւ տենչերու համայնքային,
Թէ էջերէն էջեր անցնիմ,
Մասիսն ի վեր սլացողիդ,
«Մասիս»ի մէ՛ջ քեզ կը տեսնեմ
Օծեալ գրիչ.
Քաջարենցի չափածոյով՝
Համեստ կրակ,
Հուր՝ ի հրոյն։
Օրերն անցան.
Հրաման է՝
կշիռ վերջին դատաստանին
Անեղին։
Ապագա՞ն
Բաց թողեցիր գնալովդ.
Մարդուս միակ
հրամայականին
հնազանդելով՝
երթալ էր պէտք.
միակ պէտքն է սա մարդկային։
Ո՞վ կաչեց քեզ,
Սիրտդ կեցուց,
Մեր աչքերուն։
Ան էր՝ վերէն,
Ճաճանչածին՝
Ողջո՚յն տուաւ
սուրբ ու անվերջ
դուռը բացաւ յաւիտեանին։
Ու կանչով այդ հրեղէնին
Քեզ տարաւ վեր
Ինչպէս Եղիան՝ այդ մարգարէն,
Տարաւ քեզ վեր
Հանդիպելու
Սուրբ Մեսրոպին
ու Սահակին։
Հիմա,
Մասիսէն չէ
որ կը դիտես
մեր խեղճ էջը,
Անոր վերէն ու բարձունքէն
Մասիսն ի վար
մեզ կը սիրես
անկաս տրոփ։
Կեանքը քեզի կեանք պարգեւեց
Զուարթ՝ օրեր քեզ պարգեւեց։
Պիտ՚շարունակես
Մնալ մեր մէջ։
Միհրի նման Սարգիսներո՛վ
Կեանքիդ վերջին՝
պաղ օրերուն,
Դուն մնացիր «Մասիս»ի մէջ,
̸ասիսանման
խոնարհ հայրիկ,
համեստ գրիչ,
մասիսական
որքան բարձունք
Այսօր արցունք
խորվիրապեան
Մասիսի խորն ու խորքն անոր
Քու խօսքերդ
ունին արմատ
անոր խորքը՝
հայրիկ սիրելի,
Քու անունդ
Սարգիս
Նաճարեան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ