MAP

Օրակարգ խաղաղութեան համար Օրակարգ խաղաղութեան համար  

Հռոմի մէջ «Յոյսի կառուցողներ»ու հաւաք, խաղաղութեան կոչը կրկին առաջարկելու համար

Հռոմի մէջ «Խաղաղութեան օրակարգ 2025, Եւրոպայի դերը և յոբելեանի մարտահրաւէրները» միջոցառումը կազմակերպուած Իտալիոյ մէջ Եւրոխորհրդարանի կողմէ Հռոմի մէջ «Յոյսի կառուցողներու» հաւաք, խաղաղութեան կոչը կրկին առ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Եկեղեցին ինչպէս միշտ ամէն ջանք կը թափէ խաղաղութիւնը զարգացնելու համար, հետեւելով Ֆրանչիսկոս Պապին, դառնալու ներառական եւ բաց երկխօսութեան վկաները։ Երկուշաբթի, 20 յունուարին, եկեղեցական խումբերուն առաջնորդները հաւաքուեցան Հռոմի մէջ գագաթնաժողով մը գումարելու համար, ունենալով որպէս նպատակ ընդգծել խաղաղութիւնը կառուցելու անհրաժեշտութիւնը։

Գագաթնաժողովը տեղի ունեցաւ Հռոմի Տավիտ Սասսոլիի Եւրոապական խորհրդարանի Իտալական կեդրոնին մէջ ու իրենց մասնակցութիւնը բերին տարբեր դաւանանքներուն ներկայացուցիչներ, որոնց շարքին Հռոմի Մեծ մզկիթի իմամ, Նատէր Աքքատ, Հռոմի մէջ, հրէա հասարակութեան նախագահ, Նոէմի Տի Սէնյի, Հռոմի Սան էճիտիոյ հասարակութեան նախագահ, տիար Մարքօ Իմփալիացցօ։ Միջոցառումը առիթ հանդիսացաւ վերահաստատելու իրական խաղաղարարներ դառնալու անհրաժեշտութիւնը։

Ֆոքոլարիններուն եկեղեցական շարժումի նախագահ, Մարկարէդ Քառամ, զրուցեց հակամարտութիւններուն տարածաշրջաններու մէջ յոյսի կամուրջներ կառուցելու կարեւորութեան մասին։ Իտալիոյ հանրապետութեան փոխ կառավարիչ, Անթոնիօ Թայանին հաստատեց խաղաղութեան համար Իտալիոյ յանձնարարութիւնը, յայտնելով նախաձեռնութիւնները ուղղուած  Կազայի աջակցութեան,  ընդգծելով որ դէպի խաղաղութեան ճամբան ժամանակի եւ քաջութեան կարիքը ունի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/01/2025, 12:05