Բ. Կիրակի յետ Յայտնութեան տօնին (Յովհ. 3, 13 – 21) - Գերյ. Խաչիկ Ծ. Վրդ. Գույումճեանի կիրակնօրեայ մտածականը
«Որովհետեւ Աստուած այնքան սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ իր միածին որդին տուաւ, որպէսզի անոր հաւատացողը չկորսուի, այլ յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յովհ. 3, 16):
Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. Ամէն:
Սիրելի ընթերցող քոյրեր եւ եղբայրներ, համաձայն մեր հայկական տօնացոյցին այսօր կը սկսինք երկրորդ կիրակին՝ յետ Յայտնութեան տօնին: Երբ կը կարդանք այսօրուան Աւետարանի հատուածը, կը նշմարենք թէ՝ մենք որպէս մէկական մարդ արարածներ որքան պարտական ենք մեր երկնաւոր Հօր...եւ չէք երեւակայեր որքան:
Այստեղ սիրելիներ եւ վստահ զարմացած հարց տալով պիտի ըսէք. «Մենք որպէս մէկական մարդ արարածներ, ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ որ մենք պարտական ըլլանք Աստուծոյ. միթէ՞ Աստուած ալ մեզ նման նիւթականով կը զբաղի»: Պատասխանը շատ պարզ ու յստակ է.
1. Աստուած մեզի աշխարհ բերաւ՝ որպէսզի մեր իւրայատուկ ժպիտը տեսնէ (հակառակ մեր բոլոր դժուարութիւններուն – թէեւ դժուարութիւնները մեր մեղքերուն հետեւանքներն ու արդիւնքներն են -, բայց զԻնք ցոյց կու տանք մեր անվերջ դժգոհութիւնները եւ գանգատները,
2. Աստուած մեզի ամէն օր ուժը կու տայ՝ որպէսզի աշխատինք եւ ըլլանք արտադրող եւ լաւատես անձեր, սակայն մեզ անդադար կը յաղթէ ծուլութիւնը,
3. Աստուած մեզի տուած է առողջութիւնը՝ որպէսզի զԻնք փառաբանենք, եւ մեր կեանքը ապրինք համաձայն Անոր կամքին եւ մեր անհատական կոչումին. Սակայն եւ դժբախտաբար կ՛ընենք այն ինչ որ մեզ համար յարմար է, եւ օրուան աւարտին՝ կ՛այպանենք մեր երկնաւոր Հայրը,
4. Աստուած երբեմն թոյլ կու տայ որ հիւանդանանք՝ մեր հոգիին փրկութեանը եւ մեր անձերուն բարիքին համար, բայց այս բոլորով հանդերձ՝ զԻնք կը կոչենք անզգամ, եւ Աստուած մը որ իր արարածին բարիքը չուզեր,
5. Աստուած մեզի տուած է տուն՝ որպէսզի օրուան վերջը կարողանանք հանգիստ ընել, չգոհանալով այս վիճակին՝ կը խնդրենք դղեակ (կը մոռնանք որ մեր աշխարհ գալը եւ մնալը ժամանակաւոր է),
6. Աստուած մեզի տուած է ճաշ՝ որպէսզի մեր մարմինները սնունդ առնեն, սակայն եւ շատ յաճախ կը մերժենք այս երկնային բարիքը (ճաշը ինչ որ ալ ըլլայ շնորհք մըն է տրուած՝ երկինքէն) եւ չենք ուտեր,
7. Առաւել եւս, Աստուած այնքան սիրեց մարդս՝ որ նոյնիսկ Իր Միածին որդին ուղարկեց աշխարհ՝ մեզ փրկելու համար, սակայն մինչեւ այսօր եւ ամէն օր կը շարունակենք զԻնք խաչել՝ մեր արաքներով եւ մեր մեղքերով, նամանաւանդ՝ մեր կամաւոր մեղքերով...ծիծաղելին այն է սիրելիներ՝ որ Աստուծոյ ընծայած անսահման սէրը մեզի հանդէպ, զԻնք կը փոխադարձենք ատելութեամբ՝ Իր եւ իմ շուրջիններուս նաեւ,
Սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ, եթէ կ՛ուզենք այս ցանկը շարունակել (մեր գործերը եւ Աստուծոյ գործերը) վստահ որ այդ մէկը վերջ պիտի չունենայ, որովհետեւ սատանային ազդեցութիւնն է ինչպէս նաեւ անոր գործը՝ մեզ միշտ պահել այս վիճակին մէջ, որպէսզի չտեսնենք Աստուծոյ տուած բարիքները՝ եւ Անոր կատարած անսահման հրաշքները՝ մեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ...որովհետեւ համաձայն մեր այսօրուան Աւետարանին, «Լոյսը աշխարհ եկաւ, բայց մարդիկ խաւարը լոյսէն աւելի սիրեցին, որովհետեւ չարութիւն կը գործէին» (Յովհ. 3, 19):
Ահաւասիկ սիրելիներ մեր այսօրուան նամակը. բոլորս կանչուած ենք սիրելու Լոյսը՝ եւ հեռանալու խաւարէն, որովհետեւ երբ կը շարունակենք մնալ խաւարին մէջ՝ պիտի շարունակենք հեռու մնալ Աստուծմէ, հեռու մնալ Լոյսէն... եւ այսպիսով՝ Աստուծոյ տուած բոլոր բարիքները զԱյն պիտի փոխադարձենք՝ չարիքով, եւ պիտի մնանք պարտական՝ ոչ թէ միայն մեր մեղքերով, այլ մեր ապերախտ գտնուելուն՝ Անոր կատարած բոլոր գործերուն եւ բարիքներուն՝ որոնք են ի նպաստ մեզի եւ մեր հոգիներուն փրկութեան. Ամէն:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ