Անարատ Յղութեան Հայ քոյրերու միաբանութիւնը կը սգայ միաբանակից Քոյր Շուշանի վաղահաս մահը
Անարատ Յղուաթեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան Ընդհանուր Մեծաւորուհի Մայրը՝ Մայր Արուսեակ Սաճոնեան, Ընդհանուր Խորհրդականուհիները և միաբանակից բոլոր քոյրերը, ինչպէս նաև նորօգ հանգուցեալին հարազատ քոյրը՝ Քոյր Մանիան և Յակոբեան Ընտանիքի անդամները, սրտի խոր ցաւով կը գուժեն վաղամեռիկ մահը Քոյր Շուշան Յակոբեանի, որ տեղի ունեցած է 12 Յունուար, 2025-ին, Պէյրութի մէջ:
Թաղման արարողութիւնըտ պիտի կատարուի Հայ Քոյրերու վանատան Զմմառու մատրան մէջ, 13 Յունուար 2025-ին , կէսօրէ ետըք ժամը 4:00-ին:
Աստուած Հանգուցեալին հոգին լուսաւորէ և Ս. Հոգին մխիթարէ Միաբանակից քոյրերը և իր բոլոր հարազատները:
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ