MAP

PALESTINIAN-RELIGION-CHRISTIANITY-CHRISTMAS-ISRAEL-CONFLICT

Մարդիկ ուրախ են եւ տակաւին չեն հաւատար, այժմ առաջնահերթութիւնը օգնութիւն մատուցելն է. Կարդինալ Փիցցապալլան Կազայի մէջ զինադադարի առնչութեամբ

Երուսաղեմի Լատիններու Պատրիարքը Վատիկանի լրատուամիջոցներուն հետ զրոյցի ընթացքին մեկնաբանած է Իսրայէլի եւ ՀԱՄԱՍ-ի միջեւ զինադադարի համաձայնագիրը․ այս պահուն կարեւոր է անմիջապէս շրջել էջը եւ սկսել կառավարել լրջագոյն մարդասիրական իրավիճակը։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

«Մենք բոլորս երջանիկ ենք։ Կազայի մէջ մարդիկ տակաւին չեն հաւատար։ (․․․) Այժմ կարեւոր է անյապաղ դիմագրաւել հիմնական արտակարգ իրավիճակները՝ սնունդ, առողջապահութիւն եւ դպրոց: Գիտակից ենք, որ խաղաղութեան ճանապարհը աւելի երկար է»: Այս եղաւ Երուսաղէմի Լատիններու Պատրիարք Կարդինալ Փիերպաթիսթա Փիցցապալլայի՝ Իսրայէլի եւ ՀԱՄԱՍ-ի միջեւ կնքուած զինադադարի վերաբերեալ յուզուած մեկնաբանութիւնը, երբ Վատիկանի լրատուամիջոցները՝ յանձինս Ռոպերթօ Փալիալօնկային, 16 Յունուրաին հեռախօսային կապ հաստատեցան անոր հետ։

Բացարձակապէս անհրաժեշտ փոփոխութիւն

Զրոյցի ընթացքին, Կարդինալը մէկ կողմէ շեշտեց բոլորի ուրախութիւնը միւս կողմէ իրավիճակը գնահատեց «տակաւին շատ փխրուն»՝ պահպանուած «որոշակի լարուածութեան» հետ միասին։

«Իսկական խաղաղութիւնը, ցաւօք, աւելի երկար ժամանակ կպահանջէ. պատերազմի աւարտը հակամարտութեան աւարտը չէ», սակայն զինադադարը «տակաւին անհրաժեշտ շրջադարձային կէտ է», շեշտեց Ան։

Այս պահուն կարեւոր է անմիջապէս շրջել էջը

«Ինչո՞ւ հիմա եղաւ զինադադարը եւ արդեօ՞ք պիտի պահպանուի»։ Այս եղաւ Պատրիարքին ուղղուած յաջորդ հարցը, որուն պատասխանելով ան դիտել տուաւ թէ համաձայնութիւնը, նոյնն էր, ինչ ամիսներ առաջ, ձեռք բերուած էր, բաց գուցէ այժմ «միջազգային, մարդկային ու քաղաքական պայմանները հասունցած են»։

«Այս պահուն կարեւոր է անմիջապէս շրջել էջը եւ սկսիլ կառավարել նախ եւ առաջ Կազայի շատ լուրջ մարդասիրական իրավիճակը», շարունակեց Ծիրանաւորը պնդելով, որ․ «Զինադադարը պէտք է պահպանուի, եւ պէտք է ամէն բան ընել, որպէսզի այն պահպանուի»՝ չնայած անոր հակառակ գործողներուն, որոնց պէտք է գործելու տեղ չթողուլ։

Կազայի բնակչութեան եւ քրիստոնեայ համայնքի առաջնահերթութիւնները

Ինչ կը վերաբերէ Կազայի բնակչութեան եւ քրիստոնեայ համայնքի առաջնահերթութիւններուն, ըստ Կարդինալ Փիցցապալլայի, անհրաժեշտ է ապահովել բնակչութեան կեանքը, որ «հարիւր տոկոսով կախում ունի արտաքին օգնութիւնէ։ Սակայն սնունդէն բացի, անհրաժեշտ պիտի ըլլայ լուծել բնակչութեան համար նախատեսուած միւս երկու արտակարգ իրավիճակները՝ ուսումը եւ առողջապահութիւնը: Բնականաբար, այդ մէկը վերաբերելու է նաեւ մեր փոքր քրիստոնէական համայնքին։ Վստահ եմ, որ բազմաթիւ միջազգային կազմակերպութիւններու օգնութեամբ կարող ենք սկսիլ անհրաժեշտ մարդասիրական խնդրի լուծման համակարգումը, որուն համար երկար ժամանակ պիտի պահանջուի»։ «Կարեւոր է օգնել եւ աջակցիլ բոլորին, յատկապէս մանկական աշխարհին»։

«Այն գաղափարը, որ հրադադար կայ, եւ կը շրջենք էջը, այս պահուն ազատութեան զգացողութիւն կը յառաջացնէ», եզրակացուց ի վերջոյ Երուսաղեմի Լատինաց Պատրիարքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/01/2025, 07:12