Տէր Յովսէփ Քահանայ Գալստեան այցելեց Ռատիօ Վատիկան
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Հայաստանի Վրաստանի Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ Կաթողիկէ Թեմի կղերական դասի անդամ` Տէր Յովսէփ Քահանայ Գալստեան այցելեց Ռատիօ Վատիկան – Վատիկան Նիուզի հայկական Բաժանմունքը ու խմբագրութեան հետ ունեցած զրոյց մը ընթացքին ներկայացուց այս օրերուն Հռոմի մէջ իր ապրած փորձառութեան մասին տեղեկութիւններն ու տպաւորութիւններ:
Արդարեւ Տ. Յովսէփ Քահանայ Գալստեան, որ Հայաստանի Հայ Կաթողիկէ առաջնորդութեան պաշտօնական կայքէջի պատասխանատուն է, Հռոմ ու Վատիկան ժամանած էր մասնակցելու համար` Յոյսի Յոբելենական Սուրբ տարուան առիթով Հաղորդակցութեան Աշխարհի Յոբելեանին, որ տեղի ունեցաւ 24էն 26 Յունուար 2025ին ապա Հաղորդակցութեան Գործիչներու կաթողիկէ հաստատութիւններու միջազգային համաժողովին որ կայացաւ 27էն 29 Յունուարին եւ որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասերու եւ կրօնական ընտանիքներու հաղորդակցութեան պատասխանատուները, եւ որուն առթիւ ելոյթներ ունեցան հաղորդակցութեան աշխարհի տարբեր մասնագէտներ։
Տ. Յովսէփ Քահանայ Գալստեան առիթը ունեցաւ հանդիպելու նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին հետ. Ունկնդրենք անոր վկայութիւնը
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ