MAP

2020.12.27 Vangelo di domenica presentazione al tempio Simeone Anna

Եկեղեցական գիտելիքներ։ Գ. շաբաթ Յայտնութեան (26 Յունուար-2 Փետրուար 2025)

Կիրակի` 2 փետրուարին Տեառնընդառաջ է, Քառասնօրեայ Աստուածորդիի տաճար Գալստեան ՝՝ տօնը։ Այսինքն երբ Յիսուսի ծնողքը զինք կը ներկայացնեն տաճարին, քառասնօրեայ շրջանը ամբողջացնելէ ետք։ Հայ Եկեղեցին այդ օրը կը կատարէ մոմերու օրհնութիւնը։ Ժողովուրդը, այդ օրհնուած մոմերը առնելէ ետք` տուն կը տանի որպէս խորհրդանիշ հաւատքի լոյսին, որ կը լուսաւորէ ամէն քրիստոնեայ ընտանիք։
Ունկնդրէ լուրը

Յայտնութեան  Գ. Կիրակի օրուայ աւետարանին մէջ` լսեցինք  Քրիստոսի խօսքը ուղղուած իր աշակերտներուն, ուր կը բացայայտէ թէ ինք ունի կերակուր մը զոր իրենք չեն ճանչնար. Քրիստոսի ճշմարիտ կերակուրը հոգեկան է, կը կայանայ Աստուծոյ կամքը կատարելու մէջ։ Ուստի կը խրատէ զիրենք աւելի հետամուտ ըլլալու հոգեւոր կերակուրին քան թէ մարմնաւորին, որ կորստական է։

Նոյնպէս երբ կը խօսի Սամարացի կնոջ հետ, աղբիւրին մօտ` անոր կը խոստանայ տալ ջուր մը որ երբեք չի ծարաւեցներ։ Քրիստոսի խօսքերուն հետեւանքը կ՛ըլլայ ամբողջ գիւղի մը դարձը. Անոնք կը մօտենան առաքեալներուն որպէս պարարտ ու ատոք հունձք մը, զոր Տէրը իրենց համար պատրաստած է։

Երկուշաբթի`  27 Յունուարին  տօնն է Սուրբ  Գրիգոր Աստուածաբանի. Ան այսպպէս կոչուած է իր բարձր մակարդակի հոգեւոր կրթութեան համար:  Ծնած է 330_ին Արիանզ գիւղը և բաւական ուսումներ ստանալէ ետք  371_ին կը ձեռնադրուի Եպիսկոպոս Նազիանզի.  Կ՛որոշուի նաեւ պատրիարք Կ.Պոլսոյ սակայն իր դէմ լարուած հակառակութիւններուն պատճառով կը հրաժարի և կը քաշուի իր քաղաքը ուր և կը վախճանի 390 թուին: 

Երեքշաբթի` 28 Յունուարին` տօնն է Տրիփոն ճգնաւորին, ժամանակակից Ս. Գրիգոր Սքանչելագործի, որ մանկութեան հասակէն իսկ մեծ մարդասիրութիւն ցոյց կու տար հանդէպ հիւանդներուն եւ աղքատներուն։ Դեկոս կայսեր օրով, կը բռնուի եւ բազմաթիւ չարչարանքներէ ետք` կը գլխատուի իր հաւատքին մէջ հաստատուն մնալուն համար։

Հինգշաբթի` 30 Յունուարին տօնն է երեք սուրբ վկաներու Գորտիոսի, Պողիկտոսի ու Գրիգորիսի։

Գորտիոս` կեսարացի հարիւրապետ մըն էր որ մեծ քաջութեամբ խոստովանեցաւ իր քրիստոնէութիւնը եւ մարտիրոսացաւ Դիոկղետիանոս կայսեր օրով. Պողիկտոս` դարձեալ Կեսարացի, ծագումով հայ զինուորական մըն էր եւ որ համարձակեցաւ փշրել կուռքերը եւ նահատակուեցաւ, Դեկոս կայսեր օրով։ Իսկ Գրիգորիս` ազգով պարսիկ էր, եւ Հայաստան գալով, ընդունած էր քրիստոնէութիւնը եւ մկրտութենէն ետք` կ՚ապրէր ճգնողական կեանք մը։ Երբ 519 թուին, Դենշապուհ մարզպան կը կարգուի Հայաստանի, կը ստիպէ զինք որ ուրանայ քրիստոնէութիւնը. Սակայն Գրիգորիս, որ նախապէս Մանաճիհր կը կոչուէր, կը դիմանայ բոլոր տանջանքներուն եւ կ՚ընդունի նահատակութեան փառքի պսակը։ 

Շաբաթ` 1 փետրուարին տօնն է Սուրբ Սեղբեստրոս Հռոմի Պապին, որ Կոստանդիանոս Ա.Կայսեր օրով կը պաշտօնավարէր. Ան բախտը ունեցաւ ազատ քրիստոնեայ աշխարհի մը վրայ հայրապետ դառնալու եւ կայսեր հովանաւորութիւնը վայելելու։ Ըստ աւանդութեան` Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Տրդատ հայոց թագաւորը Հռոմ կու գան հանդիպելու Կոստանդին կայսեր եւ Սրբազան քահանայապետին։

Կը յիշատակուի նաեւ՝ Կոստանդիանոս Կայսեր տօնը:   

Կիրակի` 2 փետրուարին  Տեառնընդառաջ է:

՝՝Քառասնօրեայ Աստուածորդիի տաճար Գալստեան ՝՝ տօնը։

Այսինքն երբ Յիսուսի ծնողքը զինք կը ներկայացնեն տաճարին, քառասնօրեայ շրջանը ամբողջացնելէ ետք։ Հայ Եկեղեցին այդ օրը կը կատարէ մոմերու օրհնութիւնը։ Ժողովուրդը, այդ օրհնուած մոմերը առնելէ ետք` տուն կը տանի որպէս խորհրդանիշ հաւատքի լոյսին, որ կը լուսաւորէ ամէն քրիստոնեայ ընտանիք։ Նաեւ նոյն օրը, կամ նախորդ օրուայ իրիկունը, ըստ տեղւոյն յարմարութիւններուն, Աւագերէցը անդաստան կը կատարէ դպիրներուն հետ Եկեղեցւոյ գաւիթին մէջ. Անդաստանը զուտ հայկական սովորութիւն մըն է, ուր կ՛օրհնուին աշխարհի չորս կողմերը, դառնալով վառուած կրակի մը շուրջը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/01/2025, 08:10