MAP

Մեքսիոյի եւ Ամերիկայի միջեւ պատնէշ Մեքսիոյի եւ Ամերիկայի միջեւ պատնէշ 

Կարդինալ Քուպիք. Պիտի հակառակինք ներգաղթեալներուն զանգուածային արտաքսման

Չիքակոյի արքեպիսկոպոս, կարդինալ Պլէզ Քուփիք լուրջ մտահոգութիւն յայտնած է յաջորդ շաբաթներուն նախատեսուած անօրինական ներգաղթեալներուն զանգուածային արտաքսումի ծրագիրներուն վերաբերեալ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չիքակոյի արքեպիսկոպոս, կարդինալ Պլէզ Քուփիք լուրջ մտահոգութիւն յայտնած է յաջորդ շաբաթներուն նախատեսուած անօրինական ներգաղթեալներուն զանգուածային արտաքսումի ծրագիրներուն վերաբերեալ։ Այս զեկոյցները, որոնք կը հաղորդեն Վոլ Սթրիթ Ժուրնամը, ցոյց կու տան, որ այդ գործողութեան պիտի մասնակցին աւելի քան 200 ոստիկանները ու կեդրոնացած է Չիքայոյի մէջ, որ յայտնի է որպէս «Սրբավայր քաղաք» ուր կը պաշտպանուին ապօրինի, առանց փաստաթուղթերուն ներգաղթեալները։

Մեքսիքոյի մէջ ուխտագնացութեան ժամանակ, կարդինալ Քուպիք վերահաստատեց Կաթողիկէ համայնքի հակառակութիւնը զանգուածային արտաքսումի որեւէ ծրագիրի դէմ, մասնաւորապէս Ամերիկացի քաղաքացիներուն դէմ, որոնք ծնած են փաստաթուղթեր չ՝ունեցող ծնողներէ։ Կարդինալը ընդգծեց, որ բազմաթիւ անձեր Ամերիկա կը գաղթեն փնտռելով անվտանգութիւն եւ հնարաւորութիւն ու հաստատեց որ Չիքակոյի քաղաքը պատմականօրէն նպաստեց գաղթականներուն։

Չիքակոյի արքեպիսկոպոս, կարդինալ Պլէզ Քուփիք ուշադրութիւն հրաւիրեց ներգաղթեալներուն իրաւունքներու եւ արժանապատուութեան պաշտպանութեան անհրաժեշտութեան վրայ ու մէջբերեց Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերը ընդգծելով որ ներգաղթեալներուն ղեկավարութիւնը, պէտք է յարգէ մարդկանց իրաւունքներն ու արժանապատուութիւնը ու զգուշացուց որ զանգուածային տեղահանութիւններուն իրականացումը վիրաւորանք է մարդկային արժանապատւութեան դէմ եւ կը հակասէ ամերիկեան հիմնական իրաւունքներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/01/2025, 08:30