MAP

ARMENIA-AZERBAIJAN/CEASEFIRE

«Open Doors»ի ահազանգը. Աշխարհի մէջ հալածուած քրիստոնեաներու թիւը կ՛աճի

Մարդասիրական կազմակերպութեան կողմէ ներկայացուած «World Watch List 2025» նոր զեկոյցի տուեալները մտահոգիչ են, ի տես քրիստոնեայ հաւատացեալներուն դէմ աճող հալածանքները եւ ճնշումները։ Արդարեւ 380 միլիոն է թիւը այն քրիստոնեաներուն որոնք կ՜ապին հարստահարուած վիճակի մէջ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Աւելի քան 380 միլիոն քրիստոնեաներ իրենց հաւատքի պատճառաւ ենթարկուած են հալածանքներու և խտրականութեան բարձր մակարդակի։ Հակաքրիստոնէական հալածանքները կ՛աճին, եւ 32 տարիներու հետազօտութիւններու ընթացքին երբեք այսքան տագնապալի ցուցանիշ մը չի յայտնուած։ Վերջին տարուայ ընթացքին սպաննուած են 4476 քրիստոնեայ իրենց հաւատքի հետ կապուած պատճառներու համար»։ Այս ցաւալի ու մտահոգիչ տեղեկութիւնները ի յայտ կու գան «World Watch List 2025» զեկոյցէն, որ հրատարակուեցաւ «Open Doors- Բաց դռներ» մարդասիրական կազմակերպութեան կողմէ եւ կը բացայայտէ, որ քննարկումի ենթարկուած 100 երկիրներու շարքին «հալածանքներու մագլցումը բացարձակ թիւով հաստատուած է՝ պահպանելով վերջին 12 տարիներու տպաւորիչ աճը, ուր 13 երկիրներ կը գտնուին ծայրայեղ մակարդակի վրայ»։

Մարդասիրական վերոնշեալ կազմակերպութեան կողմէ Նոր շարադրուած վարկանիշին առաջին տեղը կը գրաւէ Հիւսիսային Քորէան, որուն կը յաջորդէ Սոմալիան, Եմենը, Լիպիան եւ Սուտանը` բոլորն ալ իսլամական մեծամասնութեամբ երկիրներ, ուր քրիստոնէական հաւատքը ապրուած է գաղտնի կերպով, չվտանգելու համար իրենց կեանքը։

«Open Doors- Բաց դռներ» մարդասիրական կազմակերպութիւնը, որ եօթանասուն տարիներէ ի վեր կը գործէ բոլոր այն վայրերուն մէջ ուր քրիստոնեաները հալածուած են, ամէն տարի կը ներկայացնէ հաշուետուութիւն մը, ի յայտ դնելով քրիստոնեաներուն վիճակը, յատկապէս այն երկիրներուն մէջ ուր անոնք փոքրամասնութիւն են եւ ուր չէ յարգուած անոնց կրօնական ազատութիւնը։

Այս տարուայ զեկոյցին մէջ, բացի ժխտական երեւոյթներէն, կազմակերպութիւնը կը նշէ` թէ սպաննուած քրիստոնեաներուն թիւը անցեալ տարուայ համեմատութեամբ նուազած է` եւ 4.998 իջած է 4476, մինչ յարձակումի եւ կողոպուտի ենթարկուած եկեղեցիներուն, աղօթատեղիներուն ու քրիստոնէական կառոյցներուն թիւը 14.766 իջած է 7.679։

Բայց եւ այնպէս աճած է հաւատքի համար կալանաւորուած քրիստոնեաներուն թիւը` 4.125 անցնելով 4.744։ Անոնցմէ շատերը բանտարկուած են նոյնիսկ առանց դատավարութեան եւ առանց ապացոյցներու, մինչ զանոնք մեղադրողները, յաճախ սուտ կերպով, կը մնան անպատիժ։

Open Doors-ը ի յայտ կը դնէ ապա այլ երեւոյթ մը` այն է թէ շատ մը քրիստոնեաներ ստիպուած են դիմել գաղթականութեան պատերազմներու ու այլ աղէտներու բերումով, եւ այժմ որպէս գաղթականներ կ՛ապրին այլ երկիրներու մէջ, մինչ իրենց ծննդավայրի եկեղեցիները դատարկ են, ինչպէս է պարագան Միջին Արեւելքի երկիրներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/01/2025, 07:45