MAP

2024.01.14 Preghiera

Նափոլիի մէջ Իտալիոյ քրիստոնեայ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն համամիութենական աղօթքը 21 Յունուարին

Աղօթքին մասնակցող քոյր եկեղեցիներու շարքին է նաեւ Հայ առաքելական եկեղեցին, զոր պիտի ներկայացնէ Անթիլիասի Կաթողիկոսութեան միաբանակից Հայր Հովիկ Պսակ Թեփիրճեանը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան 

Յառաջիկայ Երեքշաբթի 21 Յունուարին Իտալիոյ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասը, Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուան ծիրէն ներս, Նափոլի քաղաքին մէջ կազմակերպած է համամիութենական աղօթքը մը, որուն պիտի մասնակցին իտալիոյ տարածքին քրիստոնեայ եկեղեցիներու ներկայացուցիչները։

Արարողութիւնը նախատեսուած է կէսօրէն ետքը ժամը 16,15ին Նափոլիի Վալտէզ Եկեղեցւոյ մէջ ուղտերէն մասնակիցները պիտի մեկնին ուղղուելով դէպի Նափոլիի Աթոռանիստ Եկեղեցի, ուր տեղի պիտի ունենայ համամիութենական աղօթքը ի ներկայութեան Նափոլի Թեմի Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Տոմենիքօ Պաթթալիայի եւ Նափոլի քաղաքի Քաղաքապետ Փրոֆ. Կայեթանօ Մանֆրետիի։

Աղօթքին մասնակցող քոյր եկեղեցիներու շարքին է նաեւ Հայ առաքելական եկեղեցին, զոր պիտի ներկայացնէ Անթիլիասի Կաթողիկոսութեան միաբանակից Հայր Հովիկ Պսակ Թեփիրճեանը։

«Նափոլիի հաւաքը գեղեցիկ նշան մըն է տօնախմբելու համար Նիկիոյ Ժողովին 1700 ամեակը, ուր անբաժան Եկեղեցի մը որդեգրեց Հաւատոյ Դաւանանքը, Նշան` որ տակաւին մեզ կը միացնէ բոլորս եւ որուն բոլորս յղում կը կատարենք մենք մեզ ճանչնալով որպէս քրիստոնեայ», ըսաւ այս առիթով Իտալիոյ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի Համամիութեան եւ Երկխօսութեան յանձնախումբի նախագահ, Գերապ. Տերիօ Օլիվերոն շեշտելով` թէ այս մէկը «նշան» է եւ  ոչ թէ «երազ», եւ կը նշանակէ «տարբերութիւններու մէջ միութիւն, եղբայրութեան ուղեւորութիւն»։

«Միայն միասին քալելով է` որ մենք կարող ենք դառնալ խաղաղութեան գործիչներ» հաստատեց ի միջի այլոց Գերապ. Օլիվերոն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/01/2025, 11:35