MAP

Հանդիպում Վատիկանի մէջ ընդմէջ Քահանայապետին եւ բնիկ ժողովուրդներու ներկայացուցիչներուն Հանդիպում Վատիկանի մէջ ընդմէջ Քահանայապետին եւ բնիկ ժողովուրդներու ներկայացուցիչներուն 

Գերապայծառ Փուասոն. Յոյսով ենք, որ Սրբազան Պապին պատմական այցելութիւնը նոր էջ կը բանայ

Գերապայծառ Փուասոն ակնարկեց նաեւ Եպիսկոպոսեան Համահաւաք դասին կողմէ տրամադրուած 30 միլիոն տոլար գումարին որ նպատակադրուած է սատարելու փոխադարձ ճանաչողութեան ծրագիրներու իրականացումին, մօտէն ճանչնալու համար բնիկ ժողովուրդներուն մշակոյթը, պատմութիւնը, հոգեւորականութիւնը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Քանատայի եպիսկոպոսներուն համահաւաք դասին նախագահը, գերապայծառ Ռայմոնտ Փուասոն, զրոյց մը ունենալով Վատիկան Նիուզին հետ Քահանայապետին Քանատա առաքելական ճամբորդութեան մասին նշեց, թէ այս պատմական այցելութիւնը մաս կը կազմէ այն արարքներուն զոր խնդրած են Քանատայի եպիսկոպոսները, «խթանելու համար բնիկ ժողովուրդներու եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ հաշտութեան մթնոլորտ մը», ի տես անցեալին անոնց դէմ գործադրուած գաղութատիրութեան եւ ձուլման քաղաքականութեան։

Վատիկանի մէջ հանդիպումները եւ հաշտութեան ուղեւորութիւնը

Գերապայծառ Փուասոն անդրադարձաւ նաեւ անցեալ ամիսներուն Վատիկանի մէջ կայացած հանդիպումներուն, ընդմէջ Քահանայապետին եւ բնիկ ժողովուրդները ներկայացնող զանազան պատուիրակութիւններուն այս մէկը նկատելով առաջին քայլ մը հաշտութեան եւ ճշմարտութեան ուղիին վրայ, որուն ընթացքին Քահանայապետը ունկնդրեց անոնց վկայութիւնները ապա` Քանատայի եպիսկոպոսներուն հետ միացած ներողութիւն խնդրեց անոնցմէ անցեալին մէջ ապրուած չարաշահումներուն համար։

30 միլիոն տոլարի հաշտեցման ծրագիրներ

Գերապայծառ Փուասոն ակնարկեց նաեւ Եպիսկոպոսեան Համահաւաք դասին կողմէ տրամադրուած 30 միլիոն տոլար գումարին որ նպատակադրուած է սատարելու փոխադարձ ճանաչողութեան ծրագիրներու իրականացումին, մօտէն ճանչնալու համար բնիկ ժողովուրդներուն մշակոյթը, պատմութիւնը, հոգեւորականութիւնը...որուն համար շատ բան կայ ընելիք, եւ «Քահանայապետին այս այցելութիւնը մեզի պիտի օգնէ մեծապէս» հաստատեց ի միջի այլոց Գերապայծառ Փուասսոն, աւեցնելով` որ Նորին Սրբութիւնը պիտի քալէ այս հողերուն վրայ ըսելով. «Ես ձեր հետն եմ, կը սիրեմ ձեզ ու բոլորս նեղուած ենք պատահածին համար»։

600 բնիկ հասարակութիւններ

Գերապայծառ Փուասոն բացատրեց նաեւ թէ Քանատայի մէջ գոյութիւն ունին 600 աւելի բնիկ հասարակութիւններ, որոնք բաժնուած են գլխաւորապէս երեք խումբերու` «First Nation», «Metis» եւ «Inuit»։

Այս անհատները տարբեր են իրարմէ եւ չեն բաժնեկցիր միեւնոյն լեզուն եւ մշակոյթը եւ այս մէկը անշուշտ նկատի առնուեցաւ ճամբորդութեան պատրաստութեան ընթացքին, նկատել տուաւ Եպիսկոպոսներու Համահաւաք դասին նախագահը որ անդրադարձաւ նաեւ Վատիկանի մէջ հանդիպումներու ընթացքին պատահած մէկ իրադարձութեան, երբ բնիկ ժողովուրդներու պատուիրակութեան անդամները Քահանայապետին նուիրեցին մանկական օրօրոց մը, որպէս խորհրդանիշ անմեղ եւ անյայտ կորած մանուկներուն, եւ Քահանայապետը երկրորդ օրը խնդրեց որ այդ նուէրը վերադարձուի նուիրողներուն։ Անիկայ եղաւ ձեւ մը ըսելու. «ես անձամբ պիտի գամ տեսնելու այդ վայրերը, ձեր հետ զրուցելու եւ ձեզ դարձեալ ունկնդրելու» ըսաւ գերապայծառ Փուասոն։

Նոր էջ մը պատմութեան մատեանին մէջ

Այժմ այդ խոստումը իրականութիւն կը դառնայ։ Նորին Սրբութիւնը Քանատա կու գայ եւ մեր յոյսն է, որ այս մէկը նոր էջ մը բանայ ու կարողանանք բոլորս միասին յառաջ ընթանալ, առանց մոռնալու անցեալը, առանց փակելու հին գիրգը այլ պարզապէս անոր մէջ աւեցնելով նոր էջ մը` նոր ծրագիրներով, նշեց հուսկ Քանատայի Եպիսկոպոսներուն նախագահը ու հաստատեց. «Եկեղեցին կը ներկայացնէ ծառայութիւն մը Քանատայի հասարակութեան համար եւ համայն քանատայի հասարակութիւնը այսօր կարիքը ունի հաշտութեան»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/07/2022, 08:50