MAP

Ֆրանչիսկոս Պապը բնիկ ժողովուրդներո ներկայացուցիչի մը հետ Ֆրանչիսկոս Պապը բնիկ ժողովուրդներո ներկայացուցիչի մը հետ 

Քանատայի մէջ Պապական նուիրակը. «Ֆրանչիսկոս Պապ Քանատա ժամանեց բնիկ ժողովուրդները մխիթարելու համար»։

Ֆրանչիսկոս Պապ իր անձնական վկայութեամբ ու իր խօսքերով ցոյց պիտի տայ իր մօտիկութիւնը բնիկ ժողովուրդներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հիւսիսային Ամերիկիոյ մէջ Պապական նուիրակ գերապայծառ Իվան Եուրքովիչ անդրադառնալով ֆրանչիսկոս Պապին Քանատա կատարած առաքելական այցելութեան նշեց, որ Քանատայի մէջ Ֆրանչիսոս Պապ բնիկ ժողովուրդներու հետ հանդիպումներով, ցոյց պիտի տայ ապաշխարութեան ուխտագնացութեան իմաստը։ «Նորին Սրբութիւնը տեղեակ է բնիկ ժողովուրդներուն անցեալին մէջ կրած անարդարութիւններուն ու եկեղեցին կը փափաքի լուծման մաս կազմել» ըսաւ Գերապայծառ Եուրքովիչը։

Ֆրանչիսկոս Պապին 37-րդ ճամբորդութիւնը պիտի սատարէ ամոքումի եւ հաշտութեան ուղեւորութեան

Ֆրանչիսկոս Պապին առաքելական 37-րդ ճամբորդութիւնը սպասուած մեծ նշան մըն է, որ պիտի սատարէ ամոքումի եւ հաշտութեան ուղեւորութեան, ձեռնարկուած բնիկ ժողովուրդներու հետ, որոնք անցեալին մեծապէս վնասուեցան մշակութային ձուլումի քաղաքականութեան պատճառաւ, որուն սատարեցին նաեւ կրօնական հաստատութիւններու կարգ մը անդամներ»։

Այս առնչութեամբ, Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ Պապական նուիրակ Գերապայծառ Իվան Եուրքովիչ նշեց, թէ ինք 2021 թուականին Պապական նուիրակ նշանակուելէ ետք, քանատային ընկերութեան մէջ յատուկ դժուարութիւններու հանդիպեցաւ, անցեալին կրօնական կարգ մը հաստատութիւններու անդամներուն բնիկ ժողովուրդներու մշակութային ձուլումի քաղաքականութեան մէջ ներգրաւուած ըլլալուն պատճառաւ։ Սակայն, ըսաւ Պապական Նուիրակը, թէ «եպիսկոպոսներուն համահաւաք դասը վերջին երեք տարիներուն, մշակեց կարգ մը ծրագիրներ, որոնց նպատակներէն մին է ֆրանչիսկոս Պապին հետ բնիկ ժողովուրդներուն հետ հանդիպումը ու այս ուղղութեամբ անցեալ մարտ եւ ապրիլ ամիսներուն տեղի ունեցան կարեւոր ձեռնարարներ, որոնք դուռը բացին Սրբազան Քահանայապետին Քանատա այցելութեան հրաշալի ծրագիրին։ «Արդարեւ Ֆրանչիսկոս Պապ իր անձնական վկայութեամբ ու իր խօսքերով ցոյց պիտի իր մօտիկութիւնը բնիկ ժողովուրդներուն» հաստատեց Պապական Նուիրակը։

Աշխարհի բոլոր ցամաքամասերը նաեւ պէտք են սրբագրել անցեալի սխալները

Ակնարկելով ապա բնիկ ժողովուրդներու ներկայացուցիչներու հետ նախապատրաստական հանդիպումներուն, գերապայծառ Եուրքովիչ նշեց, թէ տեղի ունեցան տարբեր մակարդակներու վրայ հանդիպումներ, թէեւ՝ դիտել տուաւ Ան կան Եկեղեցւոյ դէմ մեղադրանքներ։ «Անշուշտ անոնք սարսափելի վնասներ եղան, սակայն պէտք է ըսել նաեւ, որ եկեղեցին առատաձեռն գտնուեցաւ եւ դրական գործեր կատարեց։ Եկեղեցին ու իր ընկերային վարդապետութիւնը գիտեն անցեալին նայիլ քննադատական աչքերով։ Վստահ, անցեալի մէջ պատահածը ծանր է, սակայն չի վերաբերիր միայն Քանատային, կան նաեւ այլ ցամաքամասեր, որոնք անհրաժեշտ քայլեր պէտք են ձեռնարկել, անցեալին անարդարութիւնները սրբագրելու համար» ընգծեց Գերապայծառ Եուրքովիչը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/07/2022, 11:33