Սուէյտայի մէջ զինադադար եւ Իսրայէլեան ռմբակոծում
Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարար հազարապետ-զօրավար Մըրհեֆ Ապու Քասրա «Էքս» կայքին վրայ գրառում կատարելով Սուէյտա քաղաքին մէջ ամբողջական զինադադար յայտարարեց` նշելով, որ հակադարձութիւնը միայն կրակոցի աղբիւրներուն կամ օրինազանց խմբաւորումներուն կողմէ ուղղակի կրակոցի պարագային պիտի ըլլայ:
Քասրա ոստիկանական եւ զինուորական ուժերուն ցուցմունք տուաւ քաղաքին մէջ տեղակայուելու սկսելու` զսպելու համար զինուորական վարմունքը եւ հաշուետուութեան ենթարկելու ապահովական առաքելութեան գործադրութեան ընթացքին որեւէ ոտնձգութիւն:
ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ սուրիական բանակը սկսած է Սուէյտայէն ծանր մեքենաները հեռացնել` առ ի պատրաստութիւն քաղաքի թաղամասերը ներքին ապահովութեան ուժերու յանձնման:
Սուրիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով զգուշացուց պետական եւ սեփական կալուածներուն դէմ որեւէ ոտնձգութիւն կատարելէ` շեշտելով, որ անոնց մեղսակից որեւէ անդամի դէմ օրինական խիստ քայլեր պիտի որդեգրէ:
Նախարարութիւնը նաեւ ըսաւ, որ կառավարական ուժերու քաղաք մուտքը միայն կացութիւնը զսպելու, բնակիչները պաշտպանելու եւ քաղաքին մէջ ապահովութիւն հաստատելու համար է` օրէնքի եւ քաղաքացիներու խիստ յարգման ծիրին մէջ:
Սուէյտայէն տեղական աղբիւրներ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հաղորդեց, որ նախնական տեղեկութիւններու համաձայն, քաղաքայիններու շարքին արձանագրուած են շուրջ 15 զոհեր: Աղբիւրներ յայտնեցին, որ զոհերը Սուէյտա քաղաք ներխուժած զինեալ խմբաւորումներու կողմէ դաշտային մաքրագործման ենթարկուած են` աւելցնելով, որ յարձակումին ընթացքին վարկաբեկման, թալանի եւ անկարգութեան արշաւներ տեղի ունեցած են:
Իսրայէլեան&Բ;Օդային&Բ;Յարձակումներ
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու եւ պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց միացեալ հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեցին, որ իսրայէլեան բանակին ցուցմունք տուած են «անմիջապէս հարուածներ հասցնելու վարչակարգի զինեալ ուժերուն, որոնք մուտք գործած են Սուրիոյ Ժապալ Տրուզի մէջ Սուէյտա շրջան, տիւրզի համայնքին մէջ վարչակարգին զինուորական գործողութիւնները, որոնք կ՛իրականացնեն զինաթափման որոշուած քաղաքականութիւն, որ կ՛արգիլէ հարաւային Սուրիա Իսրայէլին սպառնացող ձեւով ուժեր եւ զէնքեր մտցնել»:
«Իսրայէլ յանձնառու է Սուրիոյ մէջ տիւրզիներուն վնաս հասցուիլը արգիլելու` մեկնելով Իսրայէլի մէջ մեր տիւրզի քաղաքացիներուն հետ եղբայրական խոր դաշինքէն եւ ընտանեկան ու պատմական կապերուն պատճառով, որոնք զիրենք կը միաւորէ Սուրիոյ մէջ իրենց համայնքի զաւակներուն հետ: Մենք աշխատանք կը տանինք սուրիական վարչակազմին արգիլելու անոնց վնաս հասցնել եւ երաշխաւորելու Սուրիոյ հետ մեր սահմանի սահմանակից շրջանին ապազինեալ մնալը», նշեցին Նեթանիահու եւ Քաց:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարը մէկ օր առաջ նշած էր, թէ Սուրիոյ մէջ թիրախներու հարուածումը սուրիական վարչակարգին ուղղուած յստակ զգուշացում է:
Ան յայտարարած էր, թէ Իսրայէլ Սուրիոյ մէջ տիւրզիներուն վնաս հասցուիլը պիտի չարտօնէ:
Սուրիական տեղական աղբիւրներ հաղորդեցին, որ իսրայէլեան աւելի քան 10 օդային յարձակումներ թիրախաւորած են Սուէյտան: Սուրիոյ ներքին ապահովութեան ուժերէն արձանագրուած են 5 զոհեր:
Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց. «Բանակը սկսաւ քաղաքական իշխանութիւններու ցուցմունքով հարաւային Սուրիոյ Սուէյտա նահանգին մէջ յարձակում գործել սուրիական վարչակարգի զինուորական մեքենաներուն վրայ»:
«Բանակը յարձակումներ գործեց թիրախաւորելու սուրիական վարչակարգին պատկանող շարք մը զրահապատ մեքենաներ, որոնց շարքին հրասայլեր եւ զինուորներու փոխադրութեան մեքենաներ եւ շարժական հրետանի, ինչպէս նաեւ մատակարարման ճամբաներ շրջան հասանելիութիւնը խանգարելու համար: Իսրայէլեան բանակը կը շարունակէ զարգացումներուն հետեւիլ եւ ամբողջովին պատրաստ է հաւանական բեմագրութիւններուն», յայտնեց բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի:
Միւս կողմէ, իսրայէլացի պաշտօնատար մը իսրայէլեան պատկերասփիւռի 14-րդ կայանին յայտնեց. «Հարաւային Սուրիոյ մէջ յարձակումները տեղի կ՛ունենան ամերիկեան կողմին հետ համակարգումով»:
Լիբանանի&Բ;իւրզիներու&Բ;Արձագանգներ
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին նախագահ Ուալիտ Ժոմպլաթ նշեց. «Իսրայէլ ոչ ոք պիտի պաշտպանէ, այլ կ՛ուզէ Սուէյտայի մէջ սպանութիւնը հրահրել»` աւելցնելով. «Սուէյտայի մէջ պետութեան հովանաւորութեամբ կարգաւորման քաղաքականութեան կարիք կայ»:
«Անհրաժեշտ է Սուէյտայի մէջ հաշտութիւններու ճամբան հարթելու համար զինադադար հաստատել», ըսաւ ան:
«Կարիքը ունինք Սուրիոյ պետութեան հովանաւորութեամբ քաղաքական լուծումի մը` փակելու համար Սուէյտայի արիւնալի էջը», շեշտեց Ժոմպլաթ` աւելցնելով. «Պէտք է ծանր զէնքը յանձնել, եւ անիկա չի կրնար Սուէյտայի մէջ խմբաւորումներու ձեռքը ըլլալ»:
«Սուէյտայի երեւելիներուն եւ Սուրիոյ պետութեան ղեկավարներուն հետ քաղաքական լուծումի հասնելու համար երկխօսութիւն կը պահանջուի», նշեց Ժոմպլաթ:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին նախագահը աւելի ուշ «Մայատին»-ին նշեց. «Ինծի փոխանցուեցաւ սուրիական բանակը հեռացնելու եւ Սուէյտա քաղաքի մուտքերուն գտնուող անցարգելները ընդհանուր ապահովութեան յանձնելու համաձայնութիւն մը»:
«Սուէյտայի բնակչութեան դէմ վարկաբեկման արարքներ գործուեցան, սակայն նաեւ Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան անդամներ մահապատիժի ենթարկուեցան», նշեց Ժոմպլաթ:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթ իր կարգին նշեց. «Սուէյտայի մէջ յայտարարուած զինադադարը պէտք է բոլորին կողմէ յարգուի, եւ դիմուի երկխօսութեան ու պետութեան ծիրին մէջ քաղաքական մնայուն լուծման»:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Ասիկա ողջամտութեան, իմաստութեան եւ գիտակցութեան պահ է, եւ այն, ինչ որ Սուէյտա նահանգին մէջ տեղի կ՛ունենայ, պէտք է վերջ գտնէ բոլորին կողմէ յայտարարուած զինադադարին յարգումով եւ երաշխաւորելով, որ քաղաքացիներուն, պաշտամունքի վայրերուն կամ պատմական վայրերուն դէմ որեւէ վրէժխնդրական գործողութիւն չկատարուի»:
Թաուհիտ Արապի կուսակցութեան ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտարարեց. «Մեր ժողովուրդին ու երիտասարդութեան հետ խորհրդակցելէ ետք Թաուհիտի բանակի կազմութիւնը կը յայտարարեմ»:
Ան բոլորին կոչ ուղղեց նշեալ բանակին միանալու «եւ անկախ դիմադրութեան կազմակերպման սկսելու»:
Նախկին նախարար եւ նախկին երեսփոխան Թալալ Արսլան «Ժատիտ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին նշեց. «Այն, ինչ որ Սուէյտայի մէջ տեղի կ՛ունենայ, կասկածելի եւ ամօթալի է, որովհետեւ մենք վայրագ ոճրագործութեան ամէնէն տգեղ տեսակը կը տեսնենք»:
«Մենք դիրքորոշումը արարքներէն կը դատենք եւ ոչ թէ նշանաբաններէն, եւ այն, ինչ որ ջարդերէն ի յայտ եկաւ, կը փաստէ, թէ այն, ինչ որ Սուրիոյ մէջ կայ, պետութիւն չէ, ո՛չ ալ կիսապետութիւն», յայտարարեց Արսլան:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ