«Ուժն ունեցէք հաւատալու եւ խնդրելու, որ հաստատուի հրադադար մը». Լեւոն ԺԴ. պատգամը 2025-ի «Սրտի Խաղ»-ին
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«La Partita del cuore – Սրտին խաղը» ոտնագունդի բարեգործական միջոցառում մըն է, որ ամէն տարի կ՛իրականացուի Իտալիայի մէջ, որուն շրջագիծէն ներս Իտալիայի երգիչներու ազգային հաւաքականը կը մրցի որոշակի ոլորտի թիմի դէմ եւ սկիզբ առած է 2020 թուականին։
Ահա այս մրցոյթի առիթով է` որ այս տարի կը նշէ իր 34 փուլը, եւ որ տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի 15 Յուլիսի երեկոյեան ժամը 9,30-ին Աքուիլա քաղաքի մարզադաշտին մէջ, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը, ուղղեց լսատեսողական պատգամ մը։
«Սիրելի բարեկամներ` որ կը խաղաք կամ կը մասնակցիք «սրտի խաղ»ին, այս ձեր հանդիպումը ինձ կը մղէ ձեր հետ կիսելու մի քանի խորհրդածութիւններ մեկնելով «խաղ» եւ «սիրտ» բառերէն» ըսաւ Սրբազան Պապը։
Խաղ կը նշանակէ հանդիպում
«Խաղը այս պարագային կը նշանակէ հանդիպում։ Հանդիպում, ուր նոյնիսկ հակառակորդները կը գտնեն «դատ» մը, որ զիրենք կը միացնէ. այս տարի, մասնաւորապէս, օգնութիւն խնդրող մանուկներու, պատերազմական գօտիներէն Իտալիա ժամանող երեխաներու, որոնց համար «Մանուկ Յիսուս» հիւանդանոցը և հիմնադրամը ու «Իտալիոյ Քարիթաս»-ը ունին ընդունելութեան նախագիծ», ըսաւ Սրբազան Պապը, ակնարկելով 25 դեկտեմբեր 1914-ին, Սուրբ Ծննդեան զինադադարի ժամանակ խաղցուած այլ մէկ խաղին, ընդմէջ գերմանացի, ֆրանսացի եւ անգլիացի զինուորներու ու հաստատելով. «Տակաւին կարելի է, միշտ ալ կարելի է, հանդիպիլ, նաեւ բաժանումի ժամանակաշրջանի մը մէջ, պատերազմի ու ռումբերու ժամանակ»։
«Հարկաւոր է առիթներ կերտել այս մէկը ընելու համար։ Դիմագրաւել բաժանումները ու գիտակից ըլլալ, որ ամենամեծ մարտահրաւէրը հանդիպելու մարտահրաւէրն է, միասին սատարելով արդար դատի մը, միաւորելով կոտրած սրտերը ու ճանչնալով, որ Աստուծոյ սրտին մէջ մենք մէկ բան ենք։ Ապա, թէ սիրտը վայրն է Աստուծոյ եւ միւսներուն հետ հանդիպումին», նշեց ի միջի այլոց Սրբազան Քահանայապետը։
Մարզանքը հակամարտութիւնը կը վերածէ հանդիպումի
«Խաղն ու սիրտը այսպիսով կը դառնան միասին հոլովուելիք երկու բառեր ու գեղեցիկ է, որ այս մէկը տեղի ունենայ բարեգործական ձեռնարկի մը ժամանակ, որ մարզական ու հեռուստատեսային է, եւ որ դրամական միջոցներ կը հաւաքէ կեանքին ու խնամքին եւ ոչ թէ կործանումին ու մահուան համար», ըսաւ Լեւոն ԺԴ. աւելցնելով` որ «Մարզանքը, երբ լաւ ապրուած է ըլլայ մասնակիցներու, ըլլայ աջակցողներու կողմէ, ունի այս հիանալի յատկութիւնը. Ան հակամարտութիւնը կը վերածէ հանդիպումի, բաժանումը՝ ներառման: Միայնութիւնը՝ համայնքի: Եւ հեռուստատեսութիւնը, երբ պարզապէս կապ մը չէ, այլ հայեացքներու հաղորդութիւն, կարող է օգնել մեզ վերագտնելու մէկը միւսին նայելու ձևը: Սիրով՝ ատելութեան փոխարէն»:
Սրբազան Պապը արդ յատկանշական նկատեց` որ խաղացող խումբերը կազմուած են քաղաքական անձնաւորութիւններէ ու երգիչներէ, երեւոյթ` որ մեզի հասկցնել կու տայ, որ քաղաքականութիւնը կարող է միացնել փոխանակ բաժնելու...երբ կը ձգտի ընդհանուր բարօրութեան։ Ու մեզի կը հասկցնէ, որ երաժշտութիւնը իմաստով կը հարստացնէ մեր խօսքերը ու մեր յիշատակները, մեր մանկութենէն ի վեր երբ մենք սկսանք խօսիլ ու յիշել։
Քայութիւնն ունեցէք հայցելու զինադադարը
Նորին Սրբութիւնը պատգամը աւարտեց բոլորին մաղթելով, որ անոնք նային մանուկներու աչքերուն ու անոնցմէ սորվին։ Գտնելու հիւրընկալութեան քաջութիւնը եւ ըլլալու հանդիպումի մարդիկ ու կիներ։ Ու նաեւ ուժը ունենալու հաւատալու եւ խնդրելու, որ հաստատուի հրադադար մը, ժամանակ մը, որ կասեցնէ դէպի ատելութիւն վազքը։ Այս հարցին մէջ խաղի մէջ է մեր մարդկութիւնը։ Թող որ այս մրցոյթը` որ կը խօսի խաղաղութեան մասին քայլ մը դառնայ անոր օգուտին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ