«Լսէ'... Եւ Սիրէ' Քու Տէր Աստուածդ» -Գերյարգելի Գէորգ վրդ. Զապարեանի մտորումներէն
Հին Կտակարանի էջերուն մէջ պատուէր մը կայ անյեղլի, որ կ'անդրանցնի մարդկային իմացողութիւնը ու կը հպի աստուածային ոլորտին: Պատուէր, որ համազօր է աղօթքի, որով Մարգարէն Մովսէս կը հրահրէր իր ժողովուրդը աղօթելու անընդհատ՝ ամէն առաւօտ եւ յարատեւօրէն:
«Լսէ', Իսրայէլ, մեր Տէր Աստուածը միակ Տէրն է:
Սիրէ' քու Տէր Աստուածդ ամբողջ սրտովդ,
Ամբողջ հոգիովդ, ամբողջ մտքովդ եւ ամբողջ զօրութեամբդ»:
Քաղուած Բ. Օրինաց Գիրքէն (Անդ, 6, 4-5), վերոնշեալ աղօթքը հզօր քանդակ մըն է, որ կտոր մը մագաղաթի վրայ գրուած՝ իւրաքանչիւր հրեայ հաւատացեալի տան դուռին վրայ փակցուած կը մնար, որպէսզի ներս մտած ատեն կամ դուրս ելած ժամանակ, հաւատացեալը ձեռքը վրան դնելով՝ այդ աղօթքը արտասանելու չմոռնար:
Դարեր ետք, Իր երկրաւոր կեանքի առաքելութեան ընթացքին, Քրիստոս պիտի ակնարկէ սուրբգրային այս դրուագին, պատասխանելու համար դպիրի մը հարցումին, որ Առաջին Պատուիրանը փնտռելու հետամուտ էր (Մարկոս 12, 28-34):
Այս բովանդակալից աղօթքով, հրեաները կ'արտայայտէին իրենց հաւատքը Մէ'կ Աստուծոյ հանդէպ, որ Տէրն է ամբողջ արարչագործութեան, ու տարբեր՝ իրենց հարեւան ազգերուն պաշտած այլ չաստուածներէ: Արդարեւ, Իսրայէլի Աստուածը է' ու կը մնայ Ամենակալ ու Կատարեալ, Հզօր ու Հաւատարիմ:
Տիեզերքն ու տիեզերքի մէջ գտնուող բոլոր էակները ճշմարիտ Աստուծոյ ձեռակերտն են: Ի'նքն է Արարիչն ու Ստեղծիչ Աստուածը, որ Սէրէ մղուած, ուխտ մը կնքած էր Իր ընտրեալ ժողովուրդին հետ:
Հին Կտակարանի ամբողջ պատմութիւնը փաստեց, որ Ամենակալ Տէրը հաւատարիմ մնաց Իր կնքած այս Ուխտին, ի հեճուկս հրեայ ժողովուրդին ցուցաբերած ուխտադրժութեան, անտարբերութեան եւ անհաւատարմութեան:
Ուստի, Իր այս բոլոր բարեմասնութիւններուն համար եւս, Աստուած արժանի է մեր որդիական հնազանդութեան եւ սիրոյն:
Թերեւս ընտելացած չըլլանք &ܴ;Լսէ'&ܴ; աղօթքին ա'յնքան՝ ո'րքան Աւետարանի Դպիրը:
Սակայն, Յիսուս յստակօրէն յայտնեց, որ այդ աղօթքը կարեւոր է, որովհետեւ կը յիշեցնէ ա'յն՝ ի'նչ որ անշրջանցելի է ու էական մեր հաւատքի կեանքին մէջ. այսինքն՝ ո'վ է Աստուած մեզի համար եւ ի'նչպէս պարտինք հետը յարաբերիլ, զԻնք սիրել ու պաշտել ամէն արարածէ վեր:
Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, այսօր սովորական օրերէն տարբեր բան մը ընելով, առտուայ դէմ տունէն չելած եւ երեկոյեան անկողին չմտած՝ աղօթենք &ܴ;Լսէ'&ܴ;-ն: Մինչ զայն կը բարձրացնենք, մեր միտքը բերենք, թէ մենք Մէ'կ Աստուած ունինք, տարբեր՝ Դրամասիրութեան, Հաճոյապաշտութեան, Փառամոլութեան եւ Իշխանատենչութեան չաստուածներէն, ու ճանչնանք զԻնք իբրեւ մեր բացարձակ Տէրը:
Ապա, մեր իսկ բառերով, Իրեն յայտնենք մեր սէրն ու մեր պատրաստակամութիւնը Իրեն ծառայելու բոլոր սրտով, բոլոր հոգիով, բոլոր մտքով եւ բոլոր զօրութեամբ:
Վաղուան օրը եւ յաջորդ օրերուն, այս աղօթքը արտասանենք մինչեւ որ առօրեայ սովորութիւն դարձնենք՝ առաւել մտերմանալու համար Տիրոջ հետ:
Որովհետեւ, մենք հաւատաւոր ժողովուրդ ենք եղած միշտ ու հաւատքի այս հիւսկէնը կը սնանի Քրիստոսի Աւետարանին աւիշով:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ