MAP

2020.07.17 Vangelo della domenica XVI 'A'- parabola della zizzania

Աստուծոյ համբերութիւնը եւ մարդկային ընտրութիւնը

Խորհրդածութիւն՝ Որոմի եւ Ցորենի առակի մասին. Ըստ Մատթէոսի 13.24-30. Պատրաստեց Գերյ. Հայր Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեան

Կիրակի 13 Յուլիս 2025 թուականին , Ե․ Կիրակի զկնի Պենտեկոստէի, Քեսապի Սուրբ Միքայէլ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը մատուցուեցաւ ձեռամբ Գերյ. Հայր Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեանի:

Սուրբ գրային ընթերցումներէն ետք, Գերյ. Հայր Սուրբը իր քարոզի մէջ ըսաւ․ « Սիրելի՛ քոյրեր եւ եղբայրներ ի Քրիստոս, Այսօրուան Աւետարանական ընթերցումը մեզի կը ներկայացնէ մի խորիմաստ առակ մը՝ որուն միջոցաւ մեր Տէրը եւ Փրկիչը Յիսուս Քրիստոս կը բացատրէ Աստուծոյ արքայութեան խորհուրդն ու համբերութիւնը։

Եկէ՛ք մտքով երթանք դաշտ մը, ուր մարդ մը լաւ սերմ ցանած է։ Ամբողջ յոյսով կ՚սպասէ՝ որ լաւ բոյսեր աճին, պտուղ տան։

Բայց գիշերը թշնամի մը կը մտնէ՝ ու գաղտնի կը ցանէ որոմը։ Երբ ժամանակը կը գայ, ցորենը կ՚աճի, բայց որոմն ալ հետը։

Ծառայողները կը շփոթին – ըսին՝ “Տէ՛ր, երթանք հանենք այս որոմը”։ Բայց տանտէրը կը պատասխանէ՝ “Ոչ՛, հիմա չէ ժամանակը։ Թողու՛ք, երբ հնձելու ժամանակ գայ, ես պիտի զատեմ”։

Քրիստոս այս առակով մեզի կը սորվեցնէ շատ պարզ ու խորիմաստ բան մը․ այս աշխարհին մէջ միշտ ալ պիտի ըլլան ցորենը ու որոմը, բարին ու չարը՝ կողք-կողքի։

Երբեմն կ՚ըսենք՝ “Ինչո՞ւ Աստուած չ՚առնէ չար մարդիկը այս աշխարհէն”։ Կամ՝ “Ինչո՞ւ այսքան անարդարութիւն կայ”։

Բայց տեսէ՛ք ինչ կ՚ըսէ Յիսուս. “Թող երկուքն ալ միասին աճին”։ Աստուած ժամանակ կու տայ. ոչ թէ որովհետեւ չի գիտեր ինչ կ՚ըլլայ, այլ որովհետեւ անիկա համբերող է։ Ան կը սպասէ, որ որոմը թերեւս փոխուի, դարձի գայ, նոր կեանք ընդունի։

Եւ մենք, ի՛նչ է մեր դերակատարութիւնը այս պատմութեան մէջ՞։

Արդեօք մենք ցորեն ենք, թէ որոմ։ Այդ հարցը միայն Աստուած կրնայ ճշգրիտ պատասխանել։

Բայց մենք գիտենք՝ թէ ինչպէ՛ս կ՚ուզենք ապրիլ։ Մենք պիտի ապրինք որպէս ցորեն՝ ճշմարտութեան մէջ, հաւատքի մէջ, սիրոյ մէջ։

Ուշադրութեամբ նայեցէ՛ք՝ ծառաները կը փորձեն շուտ վճռել. “Երթանք քաղենք որոմը”։ Բայց Աստուած կ՚ըսէ՝ “Ո՛չ, սպասեցէ՛ք”։

Այս մեզի կը սորվեցնէ՝ որ մենք մարդոց սրտերը չենք տեսներ։ Գուցէ մէկը, որ այսօր սխալ ճանապարհի վրայ է, վաղը դարձի կու գայ ու կը սկսի ծառայել Տիրոջը։

Եւ ո՞վ գիտէ, գուցէ մենք ինքներս ալ որոշ պահերու որոմի նման եղած ենք, բայց Աստուծոյ շնորհքով՝ դարձած ենք ցորեն։

Այս առակը կը խրախուսէ մեզի՝ Չշտապիլ դատելու ուրիշները, Համբերութիւն եւ յոյս ունենալ բոլորէն, Մեր իսկ սիրտը միշտ քննելու՝ արդեօք մենք ճշմարտապէս Աստուծոյ հանդէպ հաւատարիմ ենք։

Եւ վերջաւորութեան, գիտենք որ հունձքը պիտի գայ։ Աստուած պիտի զատէ ճշմարիտն ու կեղծը։ Բայց մինչ այդ օրը գայ՝ ապրինք լոյսի մէջ, որպէս Աստուծոյ զաւակներ, որպէս ցորենի բարի սերմեր։

Եզրափակելով, Քրիստոսի այս առակը կը յիշեցնէ մեզի՝ որ այս աշխարհը տակաւին ընթացքի մէջ է, ոչ վերջնական։

Մինչեւ վերջ, Աստուած կ՚աշխատի մեր սրտերուն մէջ։ Թող մենք ալ այս աշխատանքին հաւատարիմ գործակիցները ըլլանք՝ ցորենի պէս, աճելով ճշմարտութեան, սիրոյ եւ արդարութեան մէջ։

Թող Ամենակարող Տէրը շնորհք տայ մեզի՝ սրբօրէն ապրելու ու մեր շուրջի աշխարհը փոխելու՝ ոչ թէ դատելու, այլ սիրելու եւ աղօթելով սպասելու»: Ամէն։

Գերյ. Հայր Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեան

Ս․ Միքայէլ Եկեղեցւոյ Ժողովրդապետութիւն՝

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/07/2025, 08:00